2011-07-14 13:41:40

Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութիւնը Ուրացողները Ասպարէզ Կը Կարդան Վատիկանին.


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ կայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով հիմնուած մարմին մը, որ կը կոչուի «Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն»։ Այս միութեան նախագահն է Սաւաշ Էղիլմեզ, որ պարբերաբար հանդէս կուգայ, այս անգամ ալ հանդէս եկած է բողոքելու համար Վատիկանին դէմ:
Վատիկանի Գաղտնի Արխիւներու տնօրէն Գերապայծառ Սերճիօ Փականօ (ինչպէս ծանօթ է) անցեալները հաղորդած էր, թէ կը պատրաստուի հրատարակելու Հայկական Ցեղասպանութեան մասին սարսափազդու փաստաթուղթեր։
Սաւաշ Էղիլմեզ պատասխանելով Գերապայծառ Փականոյի յայտարարութիւններուն ըսած է որ ՝՝Վատիկան շարունակ կը հաղորդէ, թէ այս փաստաթուղթերը պիտի հրատարակէ, սակայն աւելի ուշ կը յետաձգէ անոնց հրատարակութիւնը։ «Մենք ասոր դէմ կը բողոքենք, ու կը պահանջենք, որ անոնք ժամ առաջ հրատարակեն ի՛նչ փաստաթուղթ որ ունին», յայտնած է Էղիլմեզ եւ կոչ ըրած ժողովուրդին, որպէսզի մասնակցի բողոքի այս ելոյթին։
Էղիլմեզ նաեւ ըսած է որ ՝՝այժմ Վատիկանը կ՛ուզէ միջամուխ ըլլալ Հայկական Հարցին, որ տարիներէ ի վեր կը զբաղեցնէ Թուրքիան։ « Գերապայծառ Փականօ, որ իր կարդացածներուն դիմաց սոսկում զգացած է, շատ լաւ կը խաղայ իր դերը», աւելցուցած է Էղիլմէզ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.