2011-07-14 12:48:55

Ասիզի Թեմի Առաջնորդին Մամլոյ Ելոյթը, Յառաջիկայ Հոկտեմբերին Խաղաղութեան Համաշխարհային Հանդիպումի Օրուան Մասին։


Գերապայծառ Տոմենիքօ Սորրենթինօ` առաջնորդը Իտալիոյ Ասիզի թեմին պատասխանելով Վատիկանի կիսապաշտօն Օսսերվաէորէ Ռոմանօ օրաթերթին հարցումներուն, մերժեց այն կարծիքը որ յառաջիկայ 27 հոկտեմբերին Ասիզի քաղաքի մէջ տեղի ունենալիք ''վասն աշխարհի խաղաղութեան'' մեծ կրօններու հանդիպումը, յատկանշուի կրօններու համախառնումի ստեղծումով։
Գերապայծառ Սորրենթինօ վերակոչեց Ասիզիի առաջին հանդիպումը` 1986ին, որուն ընթացքին նոյն վտանգը ներկայացաւ, սակայն երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը զգուշացուց կազմակերպիչները կրօնական յարաբերականութեան վտանգէն։ Արդարեւ շատեր կը փորձուին համաշխարհականացումի տնտեսական ու քաղաքական գաղափարը գործադրել կրօնական մարզէն ներս, ինչ որ կարելի չէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.