2011-07-13 13:22:11

Վրացական Եկեղեցւոյ Սիւնոդոսը Խաղաղութեան Կոչ Կ՝ուղղէ Հանրութեան։


Վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ Սինոդոսը փակ քննարկումէ մը ետք, երկուշաբթի երեկոյեան որոշեց համաձայնութեան գալ երկրին իշխանութիւններուն հետ եւ զսպել ժողովուրդի յուզումներն ու բողոքի գործողութիւնները: Երկրին մէջ գործող կրօնական կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակ շնորհելու մասին օրէնսդրական փոփոխութիւնները Վրաստանի մէջ զանգուածային բողոքի ալիք բարձրացուցած էին եւ Վրաստանի Իլիա Բ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի վարչակազմին միջեւ լուրջ հակասութիւններու պատճառ դարձած:
Հանգստեան օրերուն բողոքի զանգուածային ցոյցեր կազմակերպուեցան Վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ աջակցութեամբ եւ օրհնութեամբ, մասնաւորաբար, տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներու վկայութեամբ, նկատելի էին հակահայկական տրամադրութիւններ: Օրէնսդրական փոփոխութիւններէն վրդովուած բազմութիւնը կը սպասէր եկեղեցւոյ Սինոդոսի որոշումին:
Սակայն հոգեւոր ժողովը, որուն մասնակցած են նաեւ Վրաստանի խորհրդարանի երեսփոխաններ իշխող կուսակցութենէն, որոշեց ընդառաջել երկրի իշխանութիւններուն:
Վրացական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ընդունուած որոշման մէջ Սինոդոսը հաւատացեալներուն եւ հանրութեան խաղաղութեան կոչ կ՛ուղղէ` հակառակ «յուզումներու համար բաւարար պատճառներու գոյութեան», իշխանութիւններուն ալ կոչ կ՛ուղղէ հետագային պատրիարքարանին հետ համաձայնութեան գալ կրօնի հետ կապուած հարցերուն շուրջ:
Միաժամանակ, Սինոդոսը կառավարական մակարդակով բանակցութիւններու սկսելու անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէ, որպէսզի, նախ եւ առաջ, լուծուին դրացի երկիրներուն մէջ վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ կարգավիճակ շնորհելու եւ ունեցուածքի պահպանութեան խնդիրները:
Վրացական ուղղափառ եկեղեցին Վրաստանի իշխանութիւններուն նաեւ կոչ ուղղեց աշխուժացնելու ջանքերը` դրացի երկիրներուն մէջ վրացական յուշարձաններու պահպանութեան ուղղութեամբ:
Վրաստանի խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցիչը՝ Լաշա Սորտիա նիստէն ետք լրագրողներուն տեղեկացուց, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ ՜՜պետութեան եւ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ ստեղծելու երեք յանձնախումբեր, որոնցմէ մէկը պիտի զբաղի դրացի երկիրներուն մէջ վրացական եկեղեցւոյ կարգավիճակի հարցով՝՝:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը արդէն իսկ յայտարարած է, որ վրացական եկեղեցին ու վրացական ուղղափառ համայնքը, որեւէ խնդիր չունին Հայաստանի մէջ արձանագրուելու առնչութեամբ: Վրաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը ողջունած են երկրին մէջ գործող կրօնական կազմակերպութիւններուն իրաւական կարգավիճակ տալու որոշումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.