2011-07-13 13:23:05

Մետվետեւ եւ Օպամա Քննարկած՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը։


Ռուսական «Վեսթի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երկուշաբթի օր Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է: Օպամա ցաւակցութիւն յայտնած է «Պուլկարիա» շոգենաւի խորտակման համար, ապա անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը բարձր գնահատած է Քազանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին ընթացքին Մետվետեւի գործադրած ջանքերը` ուղղուած տագնապին լուծման:
Նախագահները երկուստեք մտադրութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու համար ձեռնարկել՝ միասնական քայլերու:








All the contents on this site are copyrighted ©.