2011-07-13 13:21:50

Լեհաստանի Եւրոպական Միութեան Վեցամսեայ Նախագահութեան Սկիզբը.


Այս Առթիւ Սուրբ Պատարագ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին Մէջ։
Անցեալ 12 Յուլիսին առաւօտեան ժամը 10ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ որուն նախագահեց Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայածառ Տոմինիք Մամպերթին ներկայութեամբ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին։
Սրբազան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Լեհաստանի Եւրոպական Միութեան Վեցամսեայ Նախգահութեան սկիզբին առիթով։
Գերապայածառ Մամպերթին իր արտասանած քարոզին մէջ մեծարեց Սուրբ Պենետիկտոսը` եւրոպայի պաշտպան սուրբը որուն տօնը յիշատակուած էր երկուշաբթի 11 յուլիսին։ 1964ին, ըսաւ գերապայծառ Մամպերթին, Պօղոս Զ քահանայապետը Pacis nuntius առաքելական նամակով՝ Սուրբ Պենետիկտոսը հռչակած էր Եւրոպայի պաշտպան սուրբը, զայն որակելով <<խաղաղութեան պատգամաւոր, միութիւն իրականացնող եւ քաղաքացիութեան վարդապետ>>։ Գերապայծառ Մամպերթին ապա շեշտը դրաւ Երոպայի քրիստոնէական արմատներուն վրայ վեր առնելով անոնց պահպանումի կարեւորութիւնը ու զգուշացնելով անոնց կորստեան հետեւանքով յառաջ եկած սպառնալիքներէն։ Գերապայծառ Մամպերթին ապա` այսօրուայ ապրելակերպի լոյսին տակ մեկնաբանեց սուրբ գրային ընթերցումները ու եզրափակեց խօսքը ըսելով << Տէրը մեզ կը հրաւիրէ ապաշխարութեան։ Երանելի ՅՊԲ քահանայապետը ըսած էր << ժամն է ապաշխարելու զօրակցութեան զգացումներով, խաղաղութեան քաղաքականութեան ի սպաս` եղբայրօգնութեան եւ երկխօսութեան ճանապարհով փնտռելով այն ինչ որ կը միացնէ եւ ոչ թէ այն որ կը բաժնէ մարդ էակները։ Ժամն է ապաշխարելու եւ դառնալու Քրիստոսին, ընդունելով անոր ՜՜Յոյսի եւ Խաղաղութեան Աւետարանը՝՝։ Գերապայծառը ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի օրհնութիւնը եւ բարեխօսութիւնը վասն մարդկանց փրկութեան։









All the contents on this site are copyrighted ©.