2011-07-13 12:19:03

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
Կարապետ Իւթիւճեան (1823-1904). Հայոց Ազգային Զարթօնքի մեծավաստակ հրապարակագիրը ։


107 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ կը վախճանէր 19-րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքի ռահվիրաներէն Կարապետ Իւթիւճեան։
27 Հոկտեմբեր 1823ին Պալաթ (Պոլիս) ծնած «արդուկահար Սիմոն աղայի» որդի Կարապետը, որ հօրենական արհեստին հետեւողութեամբ Իւթիւճեան մկրտուեցաւ։ Պալաթի եւ Սամաթիոյ թաղային վարժարաններուն մէջ նախնական կրթութիւնը ստացաւ եւ 1839ին ընդունուեցաւ Սկիւտարի Ճեմարանը։ Բախտը ունեցաւ աշակերտելու մեծ դաստիարակ Յովհ. Տէրոյենցի, որ «դասագլուխ» վերադիրին արժանացուց իր փայլուն ուսանողին։ Բայց այլազան պատճառներով Սկիւտարի Ճեմարանը փակուեցաւ տարի մը ետք, 1840ին։ Յաջորդ չորս տարին ամբողջապէս նուիրուեցաւ ինքնազարգացման եւ յաջողեցաւ 1844ին միանալ իր ժամանակի ուսուցիչներու փաղանգին. պաշտօնավարեց Պէշիկթաշի, Սկիւտարի եւ Ենի Մահալլէի թաղային վարժարաններուն մէջ։
1848ին Կ. իւթիւճեան իր կարգին քայլերը ուղղեց դէպի Եւրոպա։ Փարիզի մէջ հետեւեցաւ Առեւտրական Բարձրագոյն Վարժարանի դասընթացքներուն, վկայուեցաւ, կարճ ժամանակով գնաց ու մասնագիտութիւնը զարգացուց նաեւ Լոնտոնի մէջ, ուրկէ Պոլիս վերադարձաւ 1851ին։
Եւրոպական միջավայրին մէջ յեղափոխական խմորումներու բուռն ժամանակաշրջանին զուգադիպեցան Իւթիւճեանի համալսարանական ուսման տարիները։

Իւթիւճեանի Պոլիս վերադարձի օրերուն Հայոց Պատրիարքարանը վէճերու մէջ էր իր պաշտօնաթերթ՝ «Հայաստան»ը հրատարակող Տէրոյենցի հետ, որ Իւթիւճեանի նախասիրած ուսուցիչը եղած էր աշակերտական տարիներուն։ Պատրիարքարանը դիմեց Եւրոպայէն նոր վերադարձած «դասագլուխ»ին, որպէսզի ինք ստանձնէ պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը։ Իւթիւճեան համաձայնեցաւ այն պայմանով, որ թերթին անունը փոխէ «Մասիս»ի. եւ այդպէս ալ եղաւ։
Եւ 2 Փետրուար 1852ին լոյս տեսաւ «Մասիս»ի անդրանիկ համարը։ Իւթիւճեանի «Մասիս»ը բառին լիարժէք իմաստով յայտնութիւն մը եղաւ հայ իրականութեան մէջ։ Մեծն Յակոբ Օշականի գնահատականով՝ «Մասիս»ը հայոց բուն երկրին մէջ աշխարհաբարով ստանձնեց, զարգացուց ու կատարելագործեց այն առաքելութիւնը, որուն յառաջապահը եղած էր Մխիթարեաններու «Բազմավէպ»ը Վենետիկի մէջ։ Ոչ միայն հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր գանձարանը նորովի կեանք ստացաւ Իւթիւճեանի «Մասիս»ի էջերուն, այլեւ հայ միտքն ու գրականութիւնը նորարար շունչով ծաղկում ապրեցան, նորանուն արժէքներու ամբողջ փաղանգ մը աշխատակից դարձնելով իր աւելի քան երեսնամեայ անխափան հրատարակութեան։

Մինչեւ 1884, «Մասիս» անխափան լոյս տեսաւ եւ Կ. Իւթիւճեանի հրապարակագրական մեծակշիռ վաստակին փառքը կազմեց։ 1884էն ետք Իւթիւճեան կարճ ժամանակի մը համար Արփիար Արփիարեանի «Արեւելք»ին միացուց իր թերթը, բայց 1890ականներուն դարձեալ անջատաբար լոյս տեսաւ տեսաւ, երբեմն իբրեւ օրաթերթ, նաեւ իբրեւ շաբաթաթերթ մինչեւ 1907 թուականը։ Մինչեւ 27 Յունիս 1904ի իր վախճանումը, Իւթիւճեան անձամբ հսկեց եւ ղեկավարեց իր թերթին հրատարակութիւնը, որ պոլսահայ մամուլի ամէնէն հեղինակաւոր բեմը մնաց տասնամեակներ շարունակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.