2011-07-13 13:22:42

«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային կինոփառատօնը՝ Երեւանի Մէջ։


Երեւանեան շարժապատկերի միջազգային փառատօնը սկսաւ համաշխարհային համբաւի տիրացած աստղերու ներկայութեամբ։Անուշահամ ծիրաններու Օրհնութեամբ(Ս. Զօրաւոր Եկեղեցւոյ մէջ) սկսաւ «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի 8-րդ համաշխարհային փառատօնը:
Կինոփառատոնի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 10 Յուլիսին Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահէն ներս: Կարմիր գորգին վրայ տողանցեցին հիւրերն ու հրաւիրեալները, հանրածանօթ ֆրանսուհի՝ Ֆանի Արտանի առաջնորդութեամբ:
Փառատօնի բացման ներկայ էին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնոյ ներկայացուցիչներ, աշխարհահռչակ դերասաններ, բեմադրիչներ եւայլն:
Ինչպէս նշած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, «Ոսկէ Ծիրան»-ը երեւանցիներուն կեանքը առաւել հետաքրքրական դարձնող իրադարձութիւն է:
Նշենք որ Փառատօնը սկիզբ առաւ իրանցի աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ապաաս Քիառուզթամիի «Վաւերացուցած պատճէնը» («Copie Conforme») ժապաւէնով, որ անցեալ տարի Քաննի փառատօնին մրցանակի արժանացած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.