2011-07-12 14:06:04

Քատտաֆի Կը Բանակցի Սարքոզիի Հետ։


Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քատտաֆիի որդին` Սէյֆուլ Իսլամ Քատտաֆի ալճերիական «Խապար» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր հօր վարչակազմը բանակցութիւններ կը վարէ Ֆրանսայի վարչակազմին հետ:
«Մենք Ֆրանսայի հետ կը բանակցինք եւ ոչ թէ ըմբոստներուն հետ»(ըսած է ան) աւելցնելով, որ լիպիացի պատուիրակը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ, եւ վերջինս հաստատած է, որ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդը, այսինքն` ըմբոստները «չեն կրնար գոյութիւն ունենալ առանց ֆրանսական զէնքին, դրամներուն եւ այլ օժանդակութեան»:
Ըստ Սէյֆուլ Իսլամ Քատտաֆիի, ֆրանսական կողմը յայտարարած է, որ Քատտաֆիի հետ համաձայնելէ ետք Ֆրանսա Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին պիտի ստիպէ զինադուլ հաստատել:
Իր կողմէ Ֆրանսա յայտարարեց, որ Քատտաֆիին պատգամներ կը փոխանցուին, սակայն անոր հետ բանակցութիւններ գոյութիւն չունին:








All the contents on this site are copyrighted ©.