2011-07-12 13:28:15

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Անգոնա Այցելութեան Յայտագիրը.
Գործազուրկ Բանւորները Եւ Ընչազուրկերը Սրբազան Հօր Սեղանակիցները Պիտի Ըլլան։


11 սեպտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագով կ'եզրափակէ Իտալիոյ Ամենասուրբ Հաղորդութեան 31րդ ազգային գիտաժողովը 3 -11 սեպտեմբեր։
Այցելութեան յայտագիրը - Բարի գալուստի արարողութեան նախատեսուած է մասնակցութիւնը եկեղեցական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ։
Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ ամէնասուրբ հաղորդութեան գիտաժողովի եզրափակումը հանդիսաւոր պատարագ մատուցելով առաւօտեան ժամը 10-ին քաղաքի նաւաշինութեան վայրը, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը կ'արտասանէ։
ժամը 13.30ին, Նորին Սրբութեան սեղանակից պիտի ըլլան այցելութեան մասնակցող եպիսկոպոսները ինչպէս նաեւ Գարիդասէն օգնութիւն ստացող գործազուրկ բանւորները եւ ընչազուրկերը, ''Աստղ Ծովու'' կոչուած հովուական կեդրոնին մէջ։
Ժամը 16.30-ին Սրբազան Քահանայապետը կ'ողջունէ այցելութեան կազմակերպիչները ապա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ'ունենայ ընտանիքներու ու քահանաներու հետ ապա աւելի ուշ` տեսակցութիւն կ'ունենայ նշանուած զոյգերէ կազմուած խումբին հետ, Բլեպիսիդ կոչուած հրապարակի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.