2011-07-12 14:06:12

Միրոսլավ Լայչաք-ի Հարցազրոյցը ՝՝ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ՝՝ Ձայնասփիւռի Կայանին Հետ։


Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարութեան` Արեւելեան դրացնութեան ծրագիրի գործադիր տնօրէն Միրոսլաւ Լայչաք «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին պաշտօնական Պրիւքսելը Հարաւային Կովկաս պիտի ուղարկէ իր նոր յատուկ ներկայացուցիչը, որուն հիմնական առաքելութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ նպաստել շրջանի տագնապներուն, որոնց շարքին` ղարաբաղեան տագնապի լուծման:
Ան ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ ընդլայնել իր դերակատարութիւնը տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ, սակայն` ոչ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հաշուոյն:
Լայչաք նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Մինսքի խմբակին եւ տագնապի քաղաքական լուծումը գտնելու անոր ջանքերուն: Ըստ անոր, միեւնոյն ժամանակ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մօտ այժմ աճող համոզում կայ, որ պաշտօնական Պրիւքսելը նոյնպէս պէտք է աշխուժ եւ տեսանելի դերակատարութիւն ունենայ: «Ղարաբաղեան խնդիրը անմիջականօրէն մեր կողքին գտնուող միակ հարցն է, որուն լուծման գծով Եւրոպական Միութիւնը ուղղակիօրէն ներգրաւուած չէ: Մենք չենք կրնար յարաբերութիւններ ունենալ մեր արեւելեան դրացիներուն հետ եւ ձեւացնել, որ այդ հարցը գոյութիւն չունի», ըսաւ Լայչաք:
Ըստ անոր, այժմ Եւրոպական Միութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ ԵԱՀԿևի Մինսքի խմբակին հետ` որոշելու համար, թէ որոշակի ի՛նչ քայլեր, ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կրնայ ձեռնարկել Պրիւքսել` լուծման ուղղութեամբ:

Եւրոպացի դիւանագէտը նաեւ նշեց, որ այս հարցին պատասխանը կախում ունի է ոչ թէ Մինսքի խմբակին հետ քննարկումներէն, այլ բանակցութիւններէն:
Լայչաք ընդգծեց, որ ներկայիս սեղանի վրայ կը գտնուի քաղաքական լուծումը, որ գործունէութեան նոր դաշտ պիտի բանայ բազմաթիւ գործող անձերու, որոնց շարքին` Եւրոպական Միութեան համար: Ըստ անոր, Պրիւքսել կրնայ շատ բան ընել, օրինակ` կողմերը մօտեցնել, խթանել երկխօսութիւնը հասարակութիւններուն միջեւ եւ եւրոպական չափանիշներ բերել:








All the contents on this site are copyrighted ©.