2011-07-12 13:05:39

2011-ը ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ։ Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ։
(Հայ Մանուկը և Աստուածաշունչը պատրաստեց Հրայր Ճէպէճեան ՝՝Հայ մանուկի տարուան» առիթով՝՝)։


301 թուականին հայը ընդունեց քրիստոնէութիւնը` իբրեւ պետական կրօն եւ դարձաւ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը: Սակայն կարիք զգացուեցաւ հայերէն գիրեր ունենալու, որպէսզի Աստուածաշունչը թարգմանուի հայերէնի եւ հայը արմատանայ իր քրիստոնէական հաւատքին մէջ, եւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը կոչուեցաւ «Թագուհի թարգմանութեանց»:
Աստուածաշունչի դերին եւ կարեւորութեան մասին խօսելու համար պէտք է հիմք ունենաք պատմական իրողութիւններն ու ճշմարտութիւնները: Եւ հոս կ՛արժէ անդրադառնալ հայերէնով տրուած անունին` Աստուածաշունչ, այսինքն` Աստուծոյ շունչը, իսկ պարզ է այն, որ շունչը կեանք է, առանց որուն` կարելի չէ ապրիլ:
Եթէ հայ մանուկը պիտի դաստիարակենք Աստուածաշունչով, ուրեմն Աստուծոյ շունչը պիտի սրսկենք անոր վրայ, անոր հոգիին եւ մատղաշ կեանքին մէջ պիտի սերմանենք Աստուծոյ շունչը:
Իսկ ո՞վ պիտի ընէ այս մէկը. ծնողք, մեծ ծնողք, ընտանեկան յարկ, եկեղեցի եւ դպրոց: Իրարու առնչուած եւ իրարմով ամրապնդուող օղակներ, որոնք պիտի կազմեն մանուկին քրիստոնեայ դաստիարակութեան, այլ խօսքով` Աստուածաշունչի դաստիարակութեան հիմերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.