2011-07-11 12:46:54

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Սփիւռքահայ 250 Բժիշկներու Մէկ Պատուիրակութիւնը ։


Յուլիս 7-ին Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Բժիշկներու Երրորդ Միջազգային Համագումարին:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 8 յուլիսին ընդունեց Հայ բժիշկներու Համաշխարհային Կոմիտէի անդամները, որոնք Հայաստան գացած էին մասնակցելու՝ Բժշկական Միջազգային 3-րդ Համագումարին ։

Նախագահը ողջունեց եւ կարեւոր նկատեց համագումարի կայացումը, որուն նպատակը աշխարհասփիւռ հայ բժիշկներու կապը եւ համագործակցութիւնը զարգացնելով` առողջապահութեան ժամանակակից փորձի փոխանակումը եւ գիտական նուաճումներու ծանօթանալը, գործնական բժշկութեան եւ բժշկական կրթութեան կարեւորագոյն հարցերու քննարկումն է: Այդ ամէնը կը ծառայէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ առողջապահութեան մարզի զարգացման եւ բժշկական օգնութեան որակական բարելաւման:
Համագումարի նախագահ Դերենիկ Դումանեանը, յայտարարեց որ միջազգային այս համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աւելի քան 600 բժիշկներ Հայաստանէն, Արցախէն, ինչպէս նաեւ աշխարհի այլ երկիրներէն, իսկ հայկական սփիւռքէն 250 ներկայացուցիչներ:
Նշենք որ Յուլիս 7-9 կայացած սոյն համագումարին ծիրէն ներս ներկայացուեցան 179 գիտական զեկոյցներ, որոնք կը ներառէին իրենց մէջ առողջապահութեան աւելի քան 20 ոլորտներ:

Իր հերթին Armenian International Medical Committee նախագահ, տոքթոր Աւետիս Պօղոսեանը նշեց, որ համագումարի գլխաւոր նպատակը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բժիշկներու միջեւ աշխուժ համագործակցութիւնն է : Միաժամանակ Պօղոսեան նշեց, որ առողջապահութեան ոլորտը ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ Արցախի մէջ բաւական բարձր մակարդակի կը հասնի:







All the contents on this site are copyrighted ©.