2011-07-11 12:47:01

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Վատիկանի Գաղտնի Դիւաններու Փաստաթուղթերը Պիտի Հրապարակուին Գիրքի Մը Մէջ։


Թրքական «Վաթան» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Վատիկանի արխիւներու պատասխանատու գերապայծառ Սերժիօ Փականօ յայտարարեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Վատիկանի Գաղտնի Դիւաններու փաստաթուղթերը պիտի հրապարակուին գիրքի մը մէջ:
Գերապայծառ Փականօ տեղեկացուցած է որ փաստաթուղթերը մասնաւորապէս կը վերաբերին 1894-1897 թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ գործադրուած ջարդերուն: Վատիկանի արխիւներու պատասխանատուն նշեց, որ այդ ժամանակաշրջանին Հռոմի Լեւոն ԺԳ. պապը յորդորած է սուլթան Ապտուլ Համիտը ՝՝գթասրտութիւն ցուցաբերելու եւ դադրեցնելու հայերուն դէմ իրականացուող սպանդը՝՝:

Գերապայծառ Փականօ հայկական ջարդերուն վերաբերեալ թրքական «Վաթան»Օրաթերթին տրամադրած է ականատեսի երկու վկայութիւններ, որոնք հրապարակուած են թերթին կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.