Սփիւռքահայ Երիտասարդ Լրագրողները Այցելեցին Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը։
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան
բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող երիտասարդ լրագրողներու դասընթացքին մասնակցողներուն
«Հայ հասարակական միտքը քաղաքակրթական զարգացումներու համայնապատկերին վրայ» նիւթը ներկայացուց
Ալպերթ Ստեփանեան: Ան խօսեցաւ պետութեան կազմաւորման մասին` լուսարձակի տակ առնելով այն
երեւոյթը, որ ժողովուրդը միշտ պէտք է ունենայ գերխնդիր, որուն շուրջ պէտք է համախմբուի:
Ապա դասախօսը լուսարձակի տակ առաւ հայ իրականութեան մէջ հասարակական միտքի զարգացման
ընթացքը` տարբեր հանգրուաններու եւ տարբեր պայմաններու լոյսին տակ:
Ապա լրագրողները
այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը, ուր հանդիպում ունեցան կառոյցի տնօրէն
Հայկ Դեմոյեանի հետ: Դասընթացքին հետեւողները հարցումներ ուղղեցին անոր, ինչպէս նաեւ
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի գործունէութեան առնչուող լուսաբանութիւններ տրուեցան
անոնց: Հայկ Դեմոյեան իր զրոյցին ընթացքին յատուկ կերպով անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան
վերաբերող կրթական ծրագիրի մը գործադրութեան կարեւորութեան, որովհետեւ արդէն անհրաժեշտ
է Ցեղասպանութեան առնչուող եզրերու միօրինականացումը համայն Հայութեան մօտ: