2011-07-10 16:21:08

Երեւանի Մէջ Պիտի Բացուի Աշխարհահռչակ Հայ Լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի Ցուցահանդէսը։


ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան բարձր հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Կանանց ակումբը կը նախաձեռնէ «Ճանաչի՛ր ինքդ քեզ» ձեռնարկներու շարքին:
Հայ ազգը իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է տաղանդաւոր եւ ստեղծագործ բազմաթիւ անհատներ։Այս ծրագիրին նպատակն է հասարակութեան ծանօթացնել համաշխարհային ճանաչում վայելող հայ արուեստի եւ մշակոյթի գործիչները, որոնք թէեւ արարած են,ու ապրեցան օտար երկիրներու մէջ, բայց երբեք չդադրեցան հայ ըլլալէ:
Այդ մարդոց շարքին կը դասուին աւելի քան մէկ տասնեակ անհատներ։Ծրագիրին սկիզբը պիտի իրականացուի Եուսուֆ Քարշի լուսանկարներուն ցուցահանդէսը:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Ճազզվէ Օփերա» սրճարանին մէջ, որուն ներկայ պիտի ըլլան ՀՀ Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի Ազգային Ժողովի կին պատգամաւորներ եւ գործարար կանայք:








All the contents on this site are copyrighted ©.