2011-07-09 11:52:17

Հրէական Մամուլը Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողանէն Կը Պահանջէ Ներողութիւն Խնդրել Հայերէն


«Արդեօք Իսրայէլը պէ՞տք է ներողութիւն խնդրէ Թուրքիայէն», իր յօդուածներէն մէկուն մէջ այս հարցը կը բարձրացնէ «Jerusalem Post» պարբերականի յօդուածագիր Տեպորա Տանան: Լրագրողին կարծիքով, ներողութիւն խնդրելու Թուրքիոյ պահանջքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ սադրանք:
«Jerusalem Post»ը ապա կը յիշեցնէ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին, թէ Իսրայէլէն ներողութիւն պահանջող Անգարան, ի սկզբանէ մերժեց Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին 1.5 միլիոն հայերու կոտորած իրականացնելուն համար՝ Հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու գաղափարը, եւ աւելին, ան կը շարունակէ մերժել Ցեղասպանութեան փաստը:
«Նախքան Իսրայէլի կողմէ Կազայի շրջափակումով մտահոգուիլը, նախ եւ առաջ, Թուրքիան պէտք է մտածէ այն մասին, որ արդէն 16 տարի է ինչ շրջափակման մէջ կը պահէ Հայաստանը», կը գրէ հեղինակը եւ դիմելով Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին՝ կ՛ըսէ. «Ձեր պետութեան արիւնալի էջերը ծածկելու փորձեր ընելու փոխարէն, մաքուր թուղթ վերցուցէք եւ փորձեցէք նոր էջ բանալ Ձեր պետութեան պատմութեան մէջ: Երբեք չէք գիտեր, կրնայ ըլլալ որ ՝՝ եթէ քիւրտերէն ու հայերէն ներողութիւն հայցէք, ատիկա պիտի խթանէ Իսրայէլին՝ հետեւելու Ձեր օրինակին՝՝ :








All the contents on this site are copyrighted ©.