2011-07-08 14:30:25

Քլինթըն Կը Հեռաձայնէ Հայաստանի Նախագահին։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուլիս 7ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլին վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սարգիսեան եւ տիկին Քլինթըն անդրադարձած են նաեւ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցերու: Հեռախօսազրոյցը կայացած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.