2011-07-08 11:46:30

Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի մէջ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը երէկ յետ միջօրէի ժամը 17.30 ին թողելով Վատիկանը փոխադրուեցաւ Գասդել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց Ալպանօ լիճին մօտ ուր պիտի մնայ մինչեւ սեպտեմբերի վերջը։
Գասթել Կանտօլֆօ ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը հակիրճ խօսք մը ուղղեց ներկաներուն իր ուրախութիւնը յայտնելով ուր կայ լեռ, լիճ, գեղեցիկ եւ նորոգուած եկեղեցի մը եւ բարի կամք ունեցող մարդիկ - ըսաւ Նորին սրբութիւնը ու եզրաեակեց խօսքը ըսելով թող Աստուած մեզի պարգեւէ բարի արձակուրդ ու ապա տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը բարի երեկոյ մաղթելով բոլորին ։
Նշենք որ այս երկրորդ տարին է որ Նորին Սրբութիւնը իր արձակուրդները ամբողջութեամբ Գասդել Կանտոլֆօյի ամարանոցին մէջ պիտի անցնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.