2011-07-07 13:15:34

Սասունի Հայերու Միութիւնը Իր Գործունէութիւնը Կ՛ընդարձակէ:


Յունիս 29ին, «Մարմարա»ի խմբագրատունը այցելութեան գացած է Սասունի Հայերու միութեան հիմնադիրներէն ու ամէնէն գործօն տարրերէն Ազիզ Տաղճը, որը շատ հետաքրքրական տեղեկութիւննետ փոխանցած է թերթի խմբագրութեան։
Ազիզ Տաղճը, որ այժմ Պոլսոյ մէջ, Գումգաբու կը բնակի եւ ոսկերիչ է, իր բոլոր կարելիութիւններով կը զբաղի այս միութեան առաջադրութիւններով։ Ան ըսած է , որ վերջերս միութեան անունը փոխած են՝ անոր վրայ աւելցնելով Պոլսոյ անունը։ Այսպէս՝ միութիւնը այժմ կը կոչուի «Պիթլիսի, Պաթմանի, Մշոյ, Վանայ, Պոլսոյ եւ բոլոր միւս նահանգներու, գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու հայերու ու Սասունի հայերու ընկերային զօրակցութեան ու մշակութային գործունէութեան միութիւն»։
Ազիզ Տաղճը յայտնած թէ այս միութեան նպատակն է՝ արգելք հանդիսանալ հին եկեղեցիներու տարբեր նպատակներով գործածութեան, ապահովել, որ հնօրեայ եկեղեցիները վերադարձուին եկեղեցիի կարգավիճակի։ Տակաւին՝ տէր կանգնիլ հին եկեղեցիներու ու գերեզմանատուներու, պատեր հիւսել գերեզմանատուներու շուրջ, դատ բանալ բոլոր անոնց դէմ, որոնք հայերու հին կալուածները այժմ իբրեւ պարտէզ կամ արտ կը գործածեն, ապահովել զանազան լքեալ եկեղեցիներու թափուները, եւ այլն։ Միութեան գործունէութիւնը, ինչպէս կը տեսնուի, շատ ընդարձակ է, սակայն Ազիզ Տաղճը վճռական ու աշխատունակ անձ մըն է , որ կը գանգատի անցեալի մէջ գործուած սխալներէն, որոնց պատճառաւ, գաւառին մէջ շատեր չկրցան պահել հայ քրիստոնեայի իրենց ինքնութիւնը, եւ դարձան մահմետական կամ ասորի։
Բոլոր անոնք՝որոնք կը փափաքին տեղեկութիւններ ստանալ կամ օգնել այս միութեան, կրնան կապ հաստատել՝ հեռաձայնելով 0090/535-6721308 թիւով(արտասահմաէն): Իսկ Թուրքիայէն 0535-6721308








All the contents on this site are copyrighted ©.