2011-07-07 13:04:03

Կրօնաբարոյական հարցեր


Մեղքի կարելիութիւնը
Երկրաւոր դրախտի շատ գեղեցիկ կառոյցին մէջ` ճեղքի մը կարելիութիւնը կը մնար, միակ ճեղք մը, որմէ բոլոր չարիքը ներս կրնար մտնել։ Այս ճեղքը կրնար տեղի ունենալ մարդուս կամքին մէջ, որով ան, որքան որ Աստուծմէ պաշտպանուած էր, սակայն կը մնար բոլորովին ազատ։
Աստուած կրնար ջնջել մարդուն ազատութիւնը, գիտնալով որ այնքան չարիքներու պատճառ պիտի դառնար ան, սակայն այպէսով ստեղծած չէր ըլլար խելացի գործակից մը, այլ կոյր գործիք մը, նման անասունին, որ իր բնազդին կը հետեւի. Առանց ազատութեան, մարդ պիտի չկարենար սիրել զԱստուած եւ սիրել իր ընկերը։ Ուստի Աստուած պէտք է յարգէր այդ ազատութիւնը եւ ուրեմն` մարդուն թողուլ կարելիութիւնը իր ծրագրին հակառակելու, իրեն դէմ ապստամբելու եւ նոյնիսկ փճացնելու իր ստեղծագործութիւնը, ինչ որ մեծ վնաս եւ վիշտ պիտի հասցնէր թէ Աստուծոյ եւ թէ մարդուն, նմանապէս։
Մերժելով Աստուծոյ գործակիցը դառնալ, մարդ պիտի ընդիմանար Աստուծոյ եւ պիտի հրաժարէր անոր մտերմութեան մէջ ապրելէ, ուստի եւ պիտի հակառակէր շնորհքին, եւ այսպէսով` զրկուած պիտի ըլլար մասնայատուկ պարգեւներէն զոր Աստուած կ՛ընծայէր իր շնորհքին հետ։ Այս տեսակի անհնազանդութեան հետեւանքները աղիտալի պիտի հանդիսանային բոլոր մարդկութեան համար։
Մէկ կարելի կեցուածք կար մարդուն համար. Վստահիլ Աստուծոյ եւ ինքզինք բոլորովին յանձնել իր խնամքին, ապահովելու համար իր երջանկութիւնը։ ինքզինք Աստուծոյ յանձնելով` պիտի հրաժարէր անոր մենաշնորհներուն ձեռք նետելէ, այսինքն բարիի եւ չարի դատաւորն ըլլալէ։ Ահա այս է Սուրբ Գրքի մէջ դրուած` բարիի եւ չարի գիտութեան ծառին ու անոր արգիլուած պտուղներուն խորհրդաւոր պատմութեան իմաստը։
Աստուծոյ բուն ծրագիրն էր մարդուն թոյլ տալ մուտք գործելու իր մտետմութեան մէջ. Մնացեալ բոլոր ստեղծագործութիւնը կը դիմէ այս ծրագրի իրագործմանը։ Աստուած իր ծրագիրներուն մէջ միշտ հաստատ է. Մարդն է որ փոփոխական է. Ան միշտ հրաւիրուած է Աստուծոյ մտերմութեան մէջ մտնելու եւ իր երջանկութիւնը չի կրնար գտնել եթէ ոչ ընդունելով Աստուծոյ տուած շնորհքը։
Այս պատճառաւ` ամէն փորձ կազմելու իր անձնականութիւնը Աստուծմէ զատ ուրիշ բանի կամ անձի վրայ դնելով իր յենարանը, դատապարտուած է ձախողելու։ Մարդկութեան բուն արժէքը, այն որ կը սատարէ գաղափարական մարդի կազմութեանը` պէտք է նկատի առնէ Աստուծոյ ծրագիրը։ Ամբողջական մարդ մը կարելի չէ կազմել առանց գերբնականի ներկայութեան եւ ազդեցութեան։
Ամէն մարդկային սերունդ ունի որպէս առաքելութիւն` յաջորդ սերունդներուն աւանդել, բնական կեանքին հետ` գերբնական պարգեւներն ու տուրքերն ալ։ Եթէ ուրեմն ծնողքը, այս պարագային` նախածնողը, Ադամ եւ Եւան, կորսնցնէին գերբնական կեանքը, զայն պիտի չկարենային իբրեւ աւանդ յանձնել իրենց զաւակներուն։ Այս զօրակցութեան օրէնքը սերունդներու միջեւ` հաստատուած է մարդուն բնութեան մէջ եւ էական մաս կը կազմէ անոր։ Արարիչն է որ այդպէս ուզած է։
Մենք վստահ ենք սակայն թէ ինչ որ Աստուծոյ ստեղծագործութիւն է, կատարեալ է եւ սիրոյ արդիւնք։ Ուստի մարդկութիւնը իրար կապելով եւ մէկ անձի մը յանցանքը բաժնեկից դարձնելով բոլոր մարդկութեան, Աստուած ուզած է պատրաստել խորհուրդը փրկչագործութեան, ուր մէկ հոգւոյ զոհը պիտի փրկէր բոլոր մարդկութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.