2011-07-06 13:26:55

Վրաստանի Իլիա Բ. Պատրիարքը Կը Դիմէ Խորհրդարան Կասեցնելու Կրօնական Փոքրամասնութեանց Կարգավիճակ Շնորհող Օրինագիծը։


Ամենայն Վրաց Իլիա Բ. Պատրիարքը յատուկ յայտարարութեամբ դիմեց Վրաստանի խորհրդարանին եւ կոչ ուղղեց կասեցնելու քաղաքացիական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները, որոնցմով երեսփոխանները կը պատրաստուին իրաւաբանական անձի կարգավիճակ տալ Վրաստանի մէջ գործող հինգ կրօնական կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ:
«Մեր եկեղեցին երբեք դէմ չէ կեցած կարգավիճակի տրամադրման, սակայն կառավարութիւնը պարտաւոր էր այս հարցին շուրջ բազմակողմանի պետական յանձնախումբ ստեղծել», ըսած է Վրաց եկեղեցւոյ հոգեւոր պետը:

Հարցը յանձնախումբի միջոցով լուծելու մասին Իլիա Բ. պատրիարքը արտայայտուած էր Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին` յունիսին Վրաստան այցելութեան ժամանակ:
Վրաց պատրիարքը յայտարարած էր, որ եկեղեցիներու մասին խօսելու ժամանակ` պէտք չէ մոռնալ, որ երկու կողմերն ալ պահանջներ ունին: Ան նաեւ հայկական կողմին առաջարկած էր համապատասխան յանձնախումբ ստեղծել` վիճայարոյց հարցերը քննարկելու համար:
Թէեւ հոգեւոր պետերը այդպէս ալ համաձայնութեան չէին եկած, սակայն Վրաստանի իշխող Ազգային Շարժում կուսակցութիւնը` նախագահ Սահակաշվիլիի գլխաւորութեամբ, անցեալ շաբաթավերջին շրջանառութեան մէջ դրած էր օրէնսդրական փոփոխութիւնը եւ առաջին ընթերցումով ընդունած էր զայն:
Իլիա Բ. պատրիարքը յայտնեց, որ այդ որոշումը անակնկալ էր ոչ միայն հոգեւոր դասին, այլեւ Վրաստանի ժողովուրդին համար:
Վրացական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին այս յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է երկրին աշխարհիկ վերնախաւին մէջ: Ընդդիմադիր ուժերը կը պնդեն, որ իշխանութիւնները կը դաւաճանեն ազգային շահին եւ նոյնիսկ կը շրջանցեն պատրիարքին խրատները:








All the contents on this site are copyrighted ©.