2011-07-06 13:18:12

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։

ՂԱԶԱՐՈՍ ԱՂԱՅԵԱՆ (1840-1911) Մեծարժէք Ուսուցիչը ։


Ճիշդ դար մը առաջ 1911-ին մեզմէ կը բաժնուէր Ղազարոս Աղայեանը։

Իր դարու յառաջադէմ մտածողներէն էր Ղ. Աղայեան, որ համալսարանական յատուկ ուսում չունեցաւ, բայց ինքնաշխատութեամբ եւ ինքնազարգացումով յաջողեցաւ ոչ միայն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան ներհուն ճանաչողութիւնը խորացնել, այլեւ՝ իր ժամանակի հասարակագիտական եւ մանկավարժական նորարար շարժումներուն հետ գաղափարական խոր կապ հաստատել եւ, այդ բոլորի լոյսին տակ, նորոգման հորիզոններու բանալ հայ կեանքը, յատկապէս նորահաս սերունդներու հայեցի կրթութիւնը։
Իբրեւ մանկավարժ¬տեսաբան՝ Ղազարոս Աղայեան ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը կտակեց մեր ժողովուրդին։ Ղ. Աղայեան մարմնաւորեց մոմի պէս լոյս բաշխող եւ հալող արժանաւոր Հայ Ուսուցիչի դասական կերպարը, որովհետեւ ոչ միայն տիրապետած էր գիտելիքին եւ զայն փոխանցելու մանկավարժական վարպետութեան, այլեւ՝ անհուն սէր ունէր իր խնամքին վստահուած հայ մանուկին ու պատանիին հանդէպ։ Պաշտամունքի աստիճան խոր սէր, որ կը ներշնչուէր սեփական ժողովուրդին անմեռ արժէքները նորերուն փոխանցելու եւ, այդ ճամբով, ազգային մեր մեծ ժառանգութիւնը վերանորոգելու գաղափարական յանձնառութենէն։ Որոշապէս իր ժամանակի հայոց Ազգային Զարթօնքը յառաջ մղելու յանձնառութիւնը եղաւ Ղ. Աղայեանի մղիչ ուժն ու առաջնորդող սկզբունքը։

Ղ. Աղայեան ծնած էր 1840ին, Ապրիլ 4ին, Բոլնիս¬Խաչէն (այժմ՝ Վրաստանի մէջ) հայաբնակ գիւղը։
Սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրի Շամշուլդա գիւղի քահանայ Տէր Պետրոսի մօտ։ 1853ին ընդունուեցաւ Թիֆլիսի Ներսիսյան դպրոցը. մէկ տարի յետոյ ինքնակամ հեռացաւ դպրոցէն։ Այնուհետեւ իր գիտելիքները լրացուց ինքնակրթութեամբ։
Աշխատանքի ասպարէզ մտաւ իբրեւ գրաշար՝ Թիֆլիսի մէջ, ապա՝ Մոսկուա եւ Ս. Փեթերսպուրկ։ 1867ին վերադարձաւ Անդրկովկաս. նշանակուեցաւ Ս. Էջմիածնի տպարանի կառավարիչ եւ խմբագրեց «Արարատ» ամսագիրը (1869-70)։
Այնուհետեւ, իբրեւ ուսուցիչ, դասաւանդեց Ախալցխայի, Ալեքսանդրապոլի, Երեւանի եւ Շուշիի թեմական դպրոցներուն մէջ (1870–1882)։ Շրջան մը նաեւ եղաւ Վրաստանի եւ Իմերեթիայի հայկական դպրոցներու թեմական տեսուչ։
Իբրեւ հրապարակագիր՝ նախ աշխատեցաւ «Փորձ» հանդէսի խմբագրութեան մէջ իբրեւ քարտուղար։ Գործուն մասնակցութիւն ունեցաւ «Աղբիւր» մանկական պատկերազարդ ամսագրի խմբագրումին մէջ։
1880ականներէն աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց նաեւ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման մէջ։ 1895ին ցարական իշխանութեանց կողմէ ձերբակալուեցաւ՝ Հնչակեան կուսակցութեան պատկանելու մեղադրանքով. աքսորուեցաւ Նոր Նախիջեւան, ապա՝ Ղրիմ (1898-1900)։ Այնուհետեւ, մինչեւ կեանքին վախճանը, գտնուեցաւ ցարական ոստիկանութեան հսկողութեան տակ։
1902ի Մայիսին մեծ շուքով տօնուեցաւ Ղ. Աղայեանի գրական գործունէութեան 40ամեակը
Վախճանեցաւ 1911-ի՝ Յունիս 20ին Թիֆլիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.