2011-07-05 12:17:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Այցելեց ‘Osservatore Romano’ Վատիկանի Կիսապաշտօն Թերթի Խմբագրատունը։


‘Osservatore Romano’ Վատիկանի Կիսապաշտօն թերթի հիմնարկութեան 150 ամեակի առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի 5 յուլիսի առաւօտուն, այցելեց թերթին խմբագրատունը։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ յատուկէն պատգամ մը ուղղած է թերթին տնօրէն Փրօֆ. Ժան Մարիա Վիանի։ Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը մատնանշած է օրաթերթին <<յատկութեան ու անոր պատասխանատութեան զայն որակելով <<առանձնաշնորհեալ միջոց մը ի սպաս Սուրբ Աթոռի եւ եկեղեցւոյ >> որ մէկ ու կէս դարէ ի վեր - նշած է Նորին Սրբութիւնը - կ՛արձագանգէ Քահանայապետներու վարդապետութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը ընդգծած է թէ Սուրբ Աթոռի օրաթերթը ամենայն ուղղամտութեամբ եւ ազատութեամբ տեղեկացուցած է Պենետիկտոս ԺԵ, Պիոս ԺԱ եւ Պիոս ԺԲ Քահանայապետներու արիական գործունէութեան մասին ի սպաս ճշմարտութեան եւ արդարութեան որոնք խաղաղութեան միակ հիմերն են։

Ս. Աթոռի կիսապաշտօն օրաթերթի առաջին թիւը տպագրուած է մէկ յուլիս 1861ին իտալացի երկու փաստաբաններ՝ Նիքոլա Ծանքինիի եւ Ճիուզէփփէ Պասթիայի նախաձեռնութեամբ։ ‘Osservatore Romano’ն հիմնելու գաղափարը ի յայտ եկաւ Իտալիոյ թագաւորութեան հռչակումով 17 մարտ 1861-ին։ Ան ունէր որպէս նպատակակէտ պաշտպանել Քահանայապետական պետութիւնը։ Պիոս Թ. քահանայապետը նոյն տարուայ (1861) 26 յունիսին վաւերացուց անոր հրատարակութիւնը եւ յուլիս մէկին լոյս տեսաւ առաջին թիւը։

‘Osservatore Romano’ օրաթերթը տարիներու ընթացքին Վատիկանի պատմութեան հետ յեղաշրջում կրեց սկսելով Պիոս Թ. Քահանայապետէն հասնելով մինչեւ Պենետիկտոս ԺԶ։ Իր 150 տարուայ պատմութեան ընթացքին թերթը ծառայած է 11 Քահանայապետներու եւ ունեցած է 11 Տնօրէններ։

Երջանկայիշատակ Լեւոն ԺԳ Քահանայապետի օրով 1885ին թերթը կը դառնայ Սուրբ Աթոռի սեփականութիւնը ու կը ստանայ Ս. Աթոռի հաղորդակցութեան մարմնի հանգամանք։

Պենտիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ժան Մարիա Վիանի պատգամին մէջ կը խնդրէ թերթին խմբագրական կազմէն որ յարատեւէ մէկ ու կէս դարու ընթացքին իր առաքելութեան մէջ, յատուկ նայուածք մը ուղղելով Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան` համամիութենական շարժումին` հրեաներուն հետ երկխօսութեան` մշակոյթներու համակեցութեան` ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշպանութեան որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկէտի համաձայն։

‘Osservatore Romano’ կը հրատարակուի 8 լեզուներով - 1948ին ծնունդ առաւ Քահանայապետի թերթին իտալական շաբաթաթերթը, ապա անոր յաջորդեց ֆրանսական հրատարակութիւնը 1949ին, որ ունէր որպէս աթոռ Իսսի լէ Մուլինօ-ն քաղաքը, ֆրանսայի մէջ։ 26 յունուար 1951ին է որ թերթին վերջնական կեդրոնատեղին դարձաւ Վատիկանը։
1968ին՝ լոյս տեսաւ անգլիական հրատարակութիւնը, որուն յաջորդեցին սպանական` 1969ին, փորթուկալականը`1970ին, գերմանականը 1971ին, եւ եհերէն ամսական հրատարակութիւնը 1980ին իսկ 2008ին լոյս տեսաւ Հնդկաստանի Գերալա նահանգի մալայալամ բառբարով հրատարակութիւնը։
1991ին Թերթին 130 ամեակի առթիւ երջանկայիշատակ ՅՊԲ սրբազան Քահանայապետը գրած էր <<այսօր 1 յուլիս 1991 ‘Osservatore Romano’ն իր պատմութեան նոր էջ մը կը սկսի արդի հաղորդակցութեան միջոցներու գործածութեամբ ու նոր յոյս կը ներշնջէ մարդկութեան։
Ժան Մարիա Վիանի տնօրէնութեամբ Քահանայապետական այս թերթը դարձաւ աւելի ճոխ ու պարունակութեամբ հարուստ, իր էջերը նուիրելով նաեւ միջազգային ու մշակութային լուրերուն եւ ունեցաւ համացանցի կայք մը՝ www.osservatoreromano.va. հասցէով։








All the contents on this site are copyrighted ©.