2011-07-05 11:40:54

Նախագահ Սարգսեանի Շնորհաւորական Ուղերձը Պարաք Օպամային՝ Մ.Նահանգներու Անկախութեան Օրուայ Առթիւ՝ 4 Յուլիս ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Օրուան առիթով:
Ուղերձին մէջ(որուն բնագիրը տարածեց Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը) նախագահ Սարգսեան Հայաստանի ժողովուրդին եւ իր անունով ամենայն ջերմութեամբ կը շնորհաւորէ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Տօնը` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, իսկ Ամերիկայի բարեկամ ժողովուրդին` խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն: Նախագահ Սարգսեան կը նշէ որ 235 տարիներ առաջ Ֆիլատելֆիոյ մէջ ընդունուած Անկախութեան Հռչակագիրը խորհրդանշեց կարեւորագոյն հանգրուան ժողովրդավարութեան, մարդկային ու ժողովուրդներու իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան, սեփական ճակատագիրը տնօրինելու ազատութեան բարձրագոյն արժէքներու ամրագրման ճամբուն վրայ:

Նախագահ Սարգսեան կը գնահատէ (իր ուղերձին մէջ)այն շարունակական եւ համակողմանի աջակցութիւնը, զոր Միացեալ Նահանգներ ցուցաբերած են Հայաստանի նկատմամբ` 20-ամեակը բոլորող անկախութեան առաջին տարիներէն ի վեր: Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին եւ անձամբ նախագահ Օպամային` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղուած հետեւողական եւ կառուցողական ջանքերուն համար` ի նպաստ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման:

Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Օրուան առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատուն եւ շնորհաւորեց դեսպանատան աշխատակիցները:








All the contents on this site are copyrighted ©.