2011-07-05 11:45:17

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի «Ովասիս» Ամառնային Դաստիարակչական եւ Ուրախ Ժամանցի Ծրագիրի 13-րդ հանգրուանը։


Երկուշաբթի, 4 Յուլիս 2011-ի առաւօտեան Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից եւ Բարձրագոյն վարժարաններու շրջափակը ուրախ եռուզեռ կը տիրէր։ Մեկնարկեց Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի դաստիարակչական եւ ուրախ ժամանցի ամառնային «Ովասիս» ծրագիրը, որուն մաս կը կազմեն Լիբանանի տարբեր վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ օտար երկիրներէ ժամանած թիւով աւելի քան 250 աշակերտներ։
Աւանդութեան համաձայն «Ովասիս»ի դասարանները բաժնուած են զոյգ մեծ խումբերու՝ Փոքր Մասիս եւ Մեծ Մասիս, որոնք իրենց կարգին կը բաժնուին 13 դասարաններու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ պատմական Հայաստանի գաւառներու, լեռներու, քաղաքներու անուններ, ինչպէս օրինակ՝ Էրզրում, Մարաշ, Սասուն, Ատանա, Մուշ Վան, Սիս, Անի, Կէսարիա , Տիգրանակերտ, Այնթէպ, Ամանոս, Զէյթուն դասարաններ։ Այս դասարաններուն կողքին կը գործեն նաեւ ձեռայինի, քոնկ ‎ֆուի, երգի, մարզանքի, գծագրութեան, համակարգիչի, երգի յատուկ դասասենեակներ։
Աւանդութեան համաձայն Տէր Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեան «Պահպանիչ»ով օրհնեց «Ովասիս»ի մեծ ընտանիքը, Աստուծմէ խնդրելով ապահով, անփորձանք, ուրախ եւ անհոգ օրեր բոլոր ովասիսականներուն համար, որմէ յետոյ բոլոր մասնակիցները միասնական «Հայր Մեր» ու «Ողջոյն Քեզ Մարիամ» աղօթքներով բարի եւ ապահով ամառ մը մաղթեցին զիրար։
Աշակերտութեան առջեւ խօսք առաւ Մեսրոպեան Արուեստից եւ Բարձրագոյն վարժարաններու տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, որ ըսաւ. «Ովասիսի 13-րդ բացումն է, որ կը կատարենք միասին։ Աւելի քան 250 հոգիներով միասնաբար պիտի անցընենք ուրախ, զուարճալի օրեր։ Ֆրանսայէն, Տուպայէն, հեռաւոր Ամերիկայէն մասնակիցներ ունինք։ Բոլորս միասնաբար պիտի ապրինք հայաշունչ ժամանակ մը, պիտի մաղթեմ, որ նախորդ տարիներուն նման Ովասիսը ընթանայ հեզասահ, որուն գաղտնիքը զիրար յարգելու, սիրելու, օգնելու մէջ է։ Հետեւաբար, ձեզի կը մաղթեմ յաջող, օգտաշատ եւ ուրախ Ովասիս»։
Պր. Գալուստ յիշեցուց նաեւ, որ Ովասիսի աշխատանքները կը սկսին առաւօտեան ժամը 9։00-էն սկսեալ կը տեւին մինչեւ կէսօրուան ժամը 1։30-ը։ Այս տարուան նորութիւններէն են թենիսի եւ հեծանիւի մարզումները։
Ձեռայինի, նկարչութեան, քոնկ ‎ֆուի եւ այլ հետաքրքրական մարզումներու կողքին, շաբաթական օր մըն ալ տրամադրուած է հետաքրքրական եւ հաճելի պտոյտներուն։
«Ովասիս» ամառնային ծրագիրը ունի փորձառու դաստիարակներ եւ ուսուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.