2011-07-05 11:56:50

Ի. Մալոյեանի երանացման 10-ամեակին տօնակատարութեան պատրաստութիւն Զմմառու մէջ


Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան վարչութիւնը կը յայտարարէ մեծաշուք տօնակատարութիւնը երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի երանացման 10-ամեակին (2001-2011): Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն պիտի կատարուի Զմմառու վանքին մէջ, ներկայութեամբ եւ նախագահութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ մարոնիթ պատրիարք Պշարա Ալ Րայիին: Կիրակի 17 Յուլիս 2011, երեկոյեան ժամը 18.00-ին:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կայքէջը այս առթիւ երանելիին կը նուիրէ իր առաջին էջը:








All the contents on this site are copyrighted ©.