2011-07-05 11:45:25

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընտրութեան Եւ Օծման 16-րդ Տարեդարձը Անթիլիասի Մէջ։


Կիրակի, 3 յուլիս 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 16-րդ տարեդարձին առիթով: Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին միաբան հայրեր յատկապէս ընտրուած աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ աղօթքներ կարդացին` բարւոք ծառայութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով վեհափառին եւ անսասանութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Պատարագիչ Արտակ աբղյ. Արապեան իր քարոզին մէջ օրուան խորհուրդը ներկայացնելէ ետք վեր առաւ վեհափառի նուիրեալ ծառայութեան բազում երեսները` քաջ հովուապետի պատկերին մէջ: Պատարագէն անմիջապէս ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն` Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 16-րդ տարեդարձին նուիրուած:
Վեհափառը ապա արտասանեց ճար մը որուն մէջ իրարու միազանգուած ներկայացուց աթոռն ու աթոռակալը, որոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն: «Աթոռն ու աթոռակալը իրարմէ տարբեր չեն կրնար ըլլալ: Աթոռակալին նպատակը ո՛չ թէ աթոռով բարձրանալն է, այլ աթոռը բարձրացնելը: Մեր Ս. աթոռին բոլոր աթոռակալներն ալ ապրեցան, գործեցին, ծառայեցին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. աթոռը բարձրացնելու համար: Անոնց աշխատանքը եղաւ հաւատքով, նախանձախնդրութեամբ լեցուն ու ծառայութեամբ արժեւորուած: Եւ այս ծառայական երթը կը շարունակուի հաւաքական աշխատանքով: Մենք աթոռ ըսելով միայն աթոռակալը չենք հասկնար, այլեւ միաբանութիւնը, ժողովական կառոյցները, թեմերը եւ կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ աթոռին շուրջ համախմբուած ամբողջ ժողովուրդը», ըսաւ վեհափառը: Ապա, խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին, ըսաւ. «Դուք էք մեր եկեղեցին: Եկեղեցին ժողովուրդն իսկ է: Անցնող 16 տարիներուն Մենք նոյն հաւատքով, նոյն նուիրումով շարունակեցինք Մեր առաքելութիւնը: Եւ Աստուած ինչքան որ կեանք տայ Մեզի, նո՛յն նուիրումով պիտի շարունակենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. աթոռը առաւել եւս ծաղկեցնել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ» ըսաւ վեհափառը:
«Ամէն հայի» եւ «Կիլիկիա» երգերու, ինչպէս նաեւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգի կատարումներէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս պահպանիչով օրհնեց ներկաները: Ապա բոլորը աջահամբոյրով իրենց շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին վեհափառին:








All the contents on this site are copyrighted ©.