2011-07-05 11:41:05

Աղօթքի Դերը Առողջութեան Համար» Նիւթով Դասախօսութիւն։


Լա Քրեսենթա հովիտի Հայց. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութամբ, Կիրակի, Յուլիս 10ին, կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի պիտի ունենայ «Աղօթքի դերը առողջութեան համար» նիւթով դասախօսական ձեռնարկ մը: Օրուան բանախօսն է վիրաբոյժ Մարտիրոս Միհրանեան:
Տոքթ. Մարտիրոս Միհրանեան պիտի նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս հիւանդը աղօթելով կը բարելաւէ իր առողջութիւնը: Դասախօսը պիտի անդրադառնայ նիւթի պատմականին ու մէջբերումներ պիտի կատարէ Աստուածաշունչէն: Ան նաեւ պիտի ներկայացնէ գիտական փաստեր՝ աղօթքի դերակատարութեան մասին, եւ պիտի բացատրէ, թէ ինչո՞ւ ոմանք անհասկնալի պատճառաբանութեամբ կը խուսափին աղօթելէ՝ անմաս մնալով անոր բարիքներէն:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն. եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 6252 Honolulu Ave., in La Crescenta, California, 91214:








All the contents on this site are copyrighted ©.