2011-07-05 11:29:29

2011-ը՝ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻՆ։ Հռչակուած Արամ Ա.Վեհափառի Կողմէ։
Հայ Մանուկը և Աստուածաշունչը ( Հրայր Ճէպէճեան) ։
«Հայ Մանուկի Տարուան» առիթով.


«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն»: Առակաց 22:6
Հայկական իրականութենէն մեկնելով` անպայման հարցում մը կը ծագի մեր մտքերուն մէջ. «Ինչո՞ւ պէտք է կրթել հայ մանուկը»:
Պատասխանը պարզ է. որպէսզի ունենանք եւ պատրաստենք հայ նոր սերունդը` այսօրուան համար, բայց անպայման վաղուան համար` իր ամբողջական մշակոյթի ժառանգորդի հասկացողութեամբ:
Հայուն ամբողջական մշակոյթը իր ազգային ինքնութիւնն է, լեզուն եւ պատմութիւնը, երգն ու գրականութիւն. աւելի՛ն, Ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, նաեւ` քրիստոնէական հաւատքը:
Կարելի չէ հայը պատկերացնել միայն ազգային ինքնութեամբ` առանց ներառելու քրիստոնէական հաւատքը, նաեւ կարելի չէ հակառակը ընել:
Եթէ այսօր պիտի խօսինք հայուն քրիստոնէական հաւատքին, նկարագիրին ու ինքնութեան մասին, ապա կարելի չէ այս մէկը ընել առանց հիմնաւորելու Աստուածաշունչի կարեւորութիւնը մեր սերունդներուն դաստիարակութեան մէջ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2011 թուականը հռչակեց Հայ Մանուկի Տարի, բայց եւ այնպէս պէտք չէ մոռնալ, որ Վեհափառ Հայրապետը 2003-ին կատարեց այս յիշատակումներուն առաջինը` այդ տարին հռչակելով Աստուածաշունչի Տարի:
Այս մէկուն պատճառը այն է, որ «Աստուածաշունչը աստուածային յայտնութեան աղբիւր է: Հետեւաբար ան քրիստոնէական հաւատքի հիմքն է եւ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան սիրտը: Քրիստոնէական կեանքին առնչուած որեւէ արժէք կամ մտածողութիւն, դէպք կամ երեւոյթ պէտք է արժեւորուի Աստուածաշունչի լոյսին տակ» Քրիստոնէական եկեղեցւոյ հիմքը Աստուածաշունչն է: Իւրաքանչիւր համայնք` առաքելական, կաթողիկէ կամ աւետարանական, քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ իր վարդապետական շեշտը ունի, սակայն այդ վարդապետական շեշտը կու գայ աւելցնելու եւ ամբողջացնելու հիմքը` Աստուածաշունչը եւ անոր դաստիարակութիւնը:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ Աստուածաշունչը եղաւ կարեւոր հիմքերէն մին մեր ամբողջական մշակոյթի հասկացողութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.