2011-07-04 14:12:04

ՀՄԸՄ-Ի Միջակ Ժիւնիորներու Խումբի Այցելութիւնը Զմմառու Վանք-Լիբանան։


ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ մարզիկներու դաստիարակչական ծրագիրի իրագործման ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ժիւնիորներու միջակ տարիքի խումբը վերջերս , այցելեց Զմմառու վանքը` ամբողջ օր մը հիւրը ըլլալով Զմմառու վանքի վանական հայրերուն: Այս առթիւ Վանքի եկեղեցւոյ մէջ, մարզիկները իրենց մարզիչներու ու պատասխանատուներուն հետ միասին մասնակցեցան եկեղեցական արարողութեան որուն ընթացքին հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան քարոզեց ու ապա անոնց փոխանցեց կրօնական պատգամը: Աւարտին մարզիկները շրջեցան Զմմառու վանքը եւ այցելեցին պատմական թանգարանը, ուր հայր Նարեկ Լուիսեան բացատրութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր թանկարժէք իրի, գծագրութիւններու եւ թանգարանին մէջ գտնուող հնութիւններուն մասին:
Թանգարան այցելութենէն ետք տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցում մը ժիւնիորներու խումբին եւ Զմմառու վանքի սաներուն միջեւ, որմէ ետք ալ ֆութպոլի խումբը եւ պատասխանատուները կէսօրին վանքին ճաշի հիւրը եղան:








All the contents on this site are copyrighted ©.