2011-07-04 14:01:29

Հանդիսաւոր Պաշտամունք Հայստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 165-Ամեակի Առիթով։


Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ), Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 165-ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 3 յուլիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ Աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պաշտամունք:
Պաշտամունքին ընթացքին կարդացուեցան Աստուածաշունչէն հատուածներ, տեղի ունեցաւ երգեցողութիւն եւ փոխասացութիւն` ընկերակցութեամբ ներկայ ժողովուրդին, աղօթք, ինչպէս նաեւ «Արմիս» երգչախումբը (ղեկավարութեամբ Կարօ Աւէսեանի) մեկնաբանեց «Հիանալի շնորհք Յիսուսի»ն եւ Տէրունական աղօթքը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ՄԱՀԱԵՄ-ի (մերձաւոր արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան) նախագահ վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ան նկատել տուաւ, որ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ 165-ամեակին առիթով կ՛ուզեն յիշել կեանքի այն որակը, զոր հետապնդեցին առաջին աւետարանականները, եւ այսօր իրենք եւս կ՛ուզեն հետապնդել: «Այս որակը կ՛ենթադրէ մտքի արթնութիւն, սրտի ազնուութիւն, նուիրման եւ վարմունքի սրբութիւն, որոնք առաջնորդ եղան մեր առաջիններուն եւ շարունակութիւն հանդիսացան դարերու վրայ տարածուող ու մեզի հասնող, մեր ազգին մէջ հիմնաւորուած սուրբ աւանդին, որպէսզի մենք եւս ջանանք նոյն տեսիլքով նոյն աւանդը վառ պահել, բարձր պահել», հաստատեց վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան` աւելցնելով, որ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին շեշտած է եւ այսօր ալ կը շեշտէ Յիսուս Քրիստոսի վրայ հիմնուած գիտակից եւ գործնական հաւատքը:
Հանդիսաւոր Պաշտամունքի աւարտին, կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի, «Մաթոսեան» արուեստի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս: Ներկայացուած էին հրատարակութիւններ, խմբանկարներ, եկեղեցական սպասներ:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ բացատրութիւններ տուաւ ներկայացուած նկարներուն, հրատարակութիւններուն եւ սպասներուն մասին:
Իր կարգին, վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան հաստատեց, որ մեր նախնիները հաւատքը իւրացուցին, ապրեցան, պահեցին եւ մեզի կտակեցին` աւելցնելով, որ պէտք է այս բոլորին գիտակցինք եւ հաւատարիմ մնանք:








All the contents on this site are copyrighted ©.