2011-07-04 14:01:37

Թրքական «ԹԱՐԱՖ» օրաթերթը Կ՛անդրադառնայ Գրիգոր Զօհրապի Վերաբերող Գիրքին։


Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթէն կը տեղեկանանք որ թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը իր ուրբաթ օրուան թիւով լոյս ընծայած է թուրք լրագրող Ալփեր Կէօրմիւշի բաւական ընդարձակ մէկ յօդուածը, որուն մէջ ան անդրադարձած է Նեսիմ Օվատիա Իզրայէլի հեղինակութեամբ հրատարակուած եւ Գրիգոր Զօհրապին նուիրուած գիրքին:
Յօդուածագիրը նախ եւ առաջ նոյնութեամբ կ՛արտագրէ գիրքի հեղինակին այն մուտքը, որուն մէջ Օվատիա կը պատմէ, թէ սկզբնական շրջաններուն որքա՛ն սխալ գիտէր մօտիկ անցեալի պատմութիւնը եւ թէ օր մը ինչպէ՛ս դէմ յանդիման եկած է «հայոց տեղահանութեան» հարցով պատահածներու իսկական պատմութեան հետ:
Ապա ան կը ծանօթացնէ Գրիգոր Զօհրապի անձը` իբրեւ օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան մը, որ ամբողջ սրտով կը սիրէր այդ երկիրը եւ կը ծառայէր այդ երկրին: Արձագանգելով Զօհրապի կողմէ խորհրդարանին մէջ արտասանուած ճառերուն` թուրք լրագրող Ալփեր Կէօրմիւշ կը պատմէ, որ Զօհրապ շատ յառաջապահ գաղափարներով մարդ մըն էր եւ հայկական հարցին մէջն ալ երկու ծայրայեղ կողմերը իրարու մօտեցնելու ու անոնց միջեւ միջին եզր մը ստեղծելու կը ճգնէր անվհատօրէն:
«Մարմարա» կը նշէ նաեւ, որ յօդուածին մէջ յուզիչ կերպով կը պատմուի, թէ ինչպէ՛ս Զօհրապ վերջին անգամ ակումբի մէջ թղթախաղ խաղցած էր իր մեծ բարեկամ Թալէաթ փաշային հետ եւ Թալէաթ բաժնուելէ առաջ ողջագուրուած էր Զօհրապին հետ ու համբուրած էր զայն: Երբ հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ էր այս համբոյրը, Թալէաթ պատասխանած էր. «Ներսէս բխեցաւ»: Ոչ ոք գիտէր, թէ անիկա մահուան համբոյր էր, որովհետեւ Թալէաթ մէկ օր առաջ արդէն ստորագրած էր Զօհրապին մահապատիժը:
Կրկնելով Նեսիմ Օվատիայի մաղթանքը` թուրք յօդուածագիրը կը գրէ, որ ինք կը մաղթէ, որ թրքական հասարակութիւնը այլեւս ճանչնայ Գրիգոր Զօհրապը` Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան պատմութեան այս արժէքաւոր զինուորը, եւ վերադարձնէ անոր բարոյական իրաւունքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.