2011-07-02 12:50:05

Նարեկ Հախնազարեան՝ Չայքովսքիի Անուան Միջազգային Մրցանքի Մրցանակակիր ։


Ռուս աշխարհահռչակ յօրինող Փիօթըր Չայքովսքիի անուան միջազգային երաժշտական ականաւոր մրցանքի թաւջութակի դասակարգին մէջ յաղթանակ արձանագրած է Հայաստանի ներկայացուցիչ Նարեկ Հախնազարեան:
Այդ դասակարգին մէջ աւարտական հանգրուան անցած էին հինգ երկիրներու` Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները: Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւած են համապատասխանաբար Ֆրանսայի եւ Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչները: Հախնազարեան իբրեւ պարգեւ պիտի ստանայ քսան հազար Էուրոյի գումար մը:
Դաշնակի դասակարգին առաջնութիւնը շահած, Ռուսիան ներկայացնող Տանիլ Թրիֆոնով Քլիվլենտի երաժշտական ակադեմիային մէջ դասաւանդող հայազգի Սերկէյ Պապայեանի աշակերտն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.