Քենիայի նախագահը տիար Էմիլիօ Քիպաքի, բացումը կատարեց Աշխատանքներուն։ Հաւաքի բնաբանն
է. ''Ափրիկէի արեւելեան աշխարհամասի Աստուծոյ ընտանիքը կը տօնախմբէ իր աւետարանութեան
50-րդ տարին զօրակցութեան մէջ''։ Աւելի քան 350 պատուիրակներ, որոնցմէ 150ը արեւելեան
Ափրիկէի եպիսկոպոսներ, կը մասնակցին ժողովին որուն աշխատանքերը տեղի կ'ունենան քաղաքի
կաթողիկէ համալսարանին մէջ։ Ափրիկէի արեւելեան աշխարհամասի 8 երկիրներու եպիսկոպոսական
համահաւաք դասերն են. Քենիա, Ուկանտա,Սուտան, Եւթոպիա, Էրիթրէա, Մալաուի, Թանծանիա եւ
Զամպիան։ Իսկ Ճիպութին եւ Սոմալիան կցորդ անդամներ են։