Անկլիգան Եկեղեցին Աղօթք Մը Պատրաստած Է 2012ի Ողիմպիական Խաղերուն Համար։
Ի պատրաստութիւն 2012ի Ողիմպիական խաղերուն, որ տեղի պիտի ունենան Լոնտոնի մէջ, անկլգան
եկեղեցին աղօթք մը շարադրած է ու արտասանուած 27-ամեայ մարզիկ Քրիսթին Օհուրուոկուի կողմէ։
Ան ընդգծած է հաւատքի կարեւորութիւնը եւ ներուժը մեր ամէն մէկ աշխատանքին մէջ։ Աղօթքը
շարադրած է Գէմպրիճի համալսարանի մատրանապետ Քրիսթոֆեր Ուտս։ Անոր մէջ Աստուծոյ օգնութիւնը
կը հայցուի կազմակերպիչներուն ու մարզիկներուն համար ու անկլիգան եկեղեցւոյ յատուկէն
պատրաստած նախաձեռնութիւններուն, որուն նիւթն է. ''ոսկիէն աւելի''։