2011-07-02 12:49:51

«Սուրիոյ Կառավարութիւնը Պէտք է Բարեփոխումներու Որդեգրումը Արագացնէ.Այլապէս Յաւելեան Ճնշումներու Պիտի Ենթարկուի՝՝ Կ՛ըսէ Հիլըրի Քլինթըն ։


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութեան առջեւ բարեփոխումներ կատարելու առիթը կը սպառի: Ան նաեւ Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաքին` Հալէպի մէջ հինգշաբթի օր արձանագրուած բռնարարքները դատապարտեց` յայտնելով, որ Դամասկոսի վարած քաղաքականութիւնը «ներդաշնակութեան բացակայութենէ» կը տառապի, որովհետեւ մէկ կողմէ կ՛արտօնէ, որ ընդդիմութիւնը ընդհանուր ժողով գումարէ, բայց միւս կողմէ ճնշումներ կը գործադրէ:
Ան նշեց, որ ինք «ցնցուած» է սահմանամերձ շրջաններու եւ Հալէպի մէջ բռնարարքներու շարունակութեան մասին լուրերէն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ «յստակ է, որ սուրիոյ կառավարութեան դիմաց ժամանակը կը սպառի», եւ սուրիական վարչակարգին ներկայացուց երկընտրանք մը` կա՛մ «քաղաքական լուրջ հոլովոյթ մը», կամ ալ «յաւելեալ կազմակերպուածութեամբ դիմադրութիւն մը»:
Քլինթըն նշեց, որ «մենք գործերու կը սպասենք եւ ոչ թէ խօսքերու. տակաւին բաւարար գործեր չտեսանք»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ երեքշաբթի օր յայտնած էր, որ երկուշաբթի օր Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած սուրիական ընդդիմութեան ընդհանուր ժողովը սուրիական վարչակարգին կողմէ կատարուած «ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մըն է»:
Քլինթըն այդ գնահատականին մասին հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը «ներդաշնակ պատգամ մը» չ՛ուղարկեր:
Ուաշինկթըն երէկ Սուրիոյ վարչակարգին դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ընդլայնելով անոնց մէջ ներառեց ապահովական մարմինները:
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ սուրիական ընդդիմութիւնը սկսած է Հալէպի մէջ իր շարքերը կազմակերպել:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ մօտ օրէն միջինարեւելեան իր շրջապտոյտին ծիրին մէջ Սուրիա պիտի այցելէ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն վնասել Սուրիոյ, որովհետեւ Սուրիան շրջանին մէջ Իսրայէլի դէմ միակ ընդդիմութիւնն է»: Ան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ իրադարձութիւնները կ՛օգտագործեն, որպէսզի կործանեն Թեհրանի եւ Դամասկոսի դաշինքը` աւելցնելով, որ Սուրիոյ եւ Իրանի միջեւ դաշինքը Իսրայէլի եւ Միջին Արեւելքի մէջ արեւմտեան շահերուն համար սպառնալիք կը ներկայացնէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.