2011-07-01 13:36:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ճառը FAO ի Ընդհանուր Ժողովի Անդամներուն


Ընդունելով Մակի Պարենամթերային Ու Գիւղատնտեսական Կազմակերպութեան՝ (FAO ի) ընդհանուր ժողովի 400 անդամները Նորին Սրբութիւնը ճառ մը արատասանեց անոնց որուն մէջ նախ հաստատեց Սուրբ Աթոռի զօրակցութիւնը այս մարդասիրական կազմակերպութեան ու ապա շնորհակալական խօսք մը ուղղեց FAO ի ընդհանուր Տնօրէն Ժագ Տիուֆին, իր պաշտօնի աւարտման ու տնօրէնութեան տարիներուն իր կատարած գործունէութեան համար, Նորին Սրբութիւնը նաեւ շնորհաւորական խօսք մը ուղղեց նորնտրեալ ընդհանուր տնօրէնին՝ Պրազիլցի Խոսէ Կրացիանօ Տա Սիլվային։
Պենետիկտոս ԺԶ. ապա մատնանշեց Մակի Պարենամթերային Ու Գիւղատնտեսական Կազմակերպութեան անօթութեան ու աղքատութեան դէմ պայքարի կարեւոր գործունէութեան մասին։ Աղքատութիւնը եւ անօթութիւնը յաճախ եսասիրութեան արդիւնք է։ Ինչպէս կրնանք լուռ մնալ երբ ականատես ենք որ նոյնիսկ կերակուրը եղած է շահադիտութեան առարկայ ու ենթարկուած է շուկայական առեւտրային շահերու , ուր բարոյական սկզբունքներուն պակասը զգալի է։ Սննդառութիւնը կեանքի հիմնական պայմաններէն մին է։ Սննդառութիւնը ապահովել կը նշանակէ հողագործական մարզին ու միջազգային շուկայի բաշխումի միջոցներու վրայ հսկել յագեցնելու նպատակով աշխարհի բնակչութիւնը։ Միջազգային տագնապը պէտք ունի վճռական միասնական պատասխաններու ու այս կը նշանակէ դիմել զօրակցութեան։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ <Սննդառութեան ապահովութիւնը մարդկային իսկական պահանջք մըն է ու հարկ է ապահովցնել զայն ներկայ ու ապագայ սերունդներուն։ Սննդառութեան սեփականացումի առանձնաշնորհումին կը հակազդէ Աստուծոյ կոչը որ կը հրաւիրէ մարդը որ մշակէ հողը ու պահպանէ արդար ու հաւասար կերպով բաժնելով Արարիչին պարգեւած բարիքները, ըսաւ նորին սրբութիւնը ու խօսքը եզրափակելով հրաւիրեց ներկաները աշխատելու՝ սննդառութիւնը ապահովելու եւ անօթութեան հարցը լուծելու համար, որպէսզի ամէն մարդ կարելիութիւնը ունենայ աճելու Աստուծոյ պատկերին համաձայն։ Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.