2011-07-01 13:38:20

Ընկերվար Միջազգայնականի Միջին Արեւելքի հարցերով Յանձնախումբի Հաղորդագրութիւնը։



Ընկերվար միջազգայնականի Միջին Արեւելքի հարցերով յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով վերահաստատեց պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին, ներառեալ` Արեւելեան Երուսաղէմը մայրաքաղաք ունեցող պաղեստինեան պետութիւն մը ունենալու անոր իրաւունքին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը եւ վերահաստատեց «1967-ին սկիզբ առած» իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու իր յանձնառութիւնը:
Յանձնախումբը պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերուն կոչ ուղղեց` շարունակելու պաղեստինեան պետութեան մը առաջնորդող լուծումի մը հասնելու նպատակը հետապնդող բանակցութիւնները, այլապէս յանձնախումբը պիտի զօրակցի 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմը իբրեւ մայրաքաղաք ունեցող Պաղեստինեան պետութեան ճանաչման եւ Պաղեստինի` ՄԱԿ-ին անդամակցութեան:
Ընկերվար միջազգայնականի միջին-արեւելեան հարցերով զբաղող յանձնախումբը ողջունեց միջ-պաղեստինեան հաշտութեան համաձայնութիւնը, զոր խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան համար կենսական նկատեց, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց պաղեստինեան ազգային միասնականութեան կառավարութեան հետ համագործակցելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.