2011-07-01 13:37:44

Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Մահուան 12-րդ Տարելիցը։


12 տարի առաջ 1999-ի յունիս 29-ին՝ Ամենայն հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, երկրային իր բուռն գործունէութենէն յետոյ կը վախճանէր վայելելու վաստակած երկնային հանգիստը։ Լուսահոգի կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանը Ս. Էջմիածնի մէջ կարճ էր բայց հիմնակերտ: Ան մեծապէս նպաստեց հաւատացեալներուն մէջ քրիստոնէական գիտակցութեան ու ազգային արժէքներու ամրապնդման, երիտասարդ հոգեւորականներու պատրաստման, վանքերու ու եկեղեցիներու նորոգման ու կառուցման, հրատարակչական գործունէութեան, աշխարհասփիւռ հայութեան տարաբեւեռ հանգրուաններուն մէջ հովուական ծառայութեան մատուցման…: Պատմական խառն ժամանակներուն Գարեգին Ա. պատասխանեց Աստուծոյ կանչին` եւ ընդունեց հովուել իր հօտը իբրեւ Ամենայն հայոց հայրապետ։ Եղաւ համամիութենական ոգիով Կաթողիկոս մը, համաշխարհային անձ՝ համաշխարհային գիտակցութիւն եւ ներգործութիւն ունեցող անձ մը, որ խանդավառող ուժ դարձաւ տարբեր եկեղեցիներու հաւատացեալներու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.