2011-07-01 13:37:26

Այսօր Ուրբաթ 1 Յուլիս 2011, Տօնն է Յիսուսի Ամենասուրբ Սրտին։


Յիսուսի Ամենասուրբ Սրտին հանդէպ եկեղեցւոյ մէջ տարածուած ջերմեռանդութիւնը, անտարակոյս շատ ընտիր եւ սրբացնող ջերմեռանդութիւն մըն է։ Ան իր մէջ կ՝ամփոփէ ու կը խտացնէ ՜՜քրիստոնէութեան էութիւնը՝՝ որ ամէն բանէ առաջ ՜՜կրօնքն է՝ եղբայրսիրութեան եւ արդարութեան, կրօնքը՝ սիրոյ, ինչպէս սէր է՝ ճշմարիտ Աստուածը՝՝։ Յիսուսի Ամենասուրբ Սրտին հանդէպ ջերմեռանդութիւնը արծարծուեցաւ երկու սրբակեաց անձերու միջոցով, գլխաւորապէս Սրբուհի Մարգարիտ Ալագոգի եւ անոր խորհրդատու՝ Երանելի՝ Claude de la Colombiere-ի որ խոստովանահայրը ու հոգեւոր հայրն էր ֆրանսայի՝ ՜՜Visitation'' վանքի կրօնաւորուհիներուն։ 1675-ին՝ Սրբուհի Մագրիտ Մարի Ալագոգ՝ կրօնաւորուհին ՜՜ վիզիթասիոն՝ վանքէն, աղօթքի ատեն կը տեսնէ Յիսուս Փրկիչը, որ իր աստուածային Սիրտը ցոյց տալով կ՝ըսէ. ՜՜Ահաւասիկ այս ՍԻՐՏԸ որ այնքան սիրեց մարդիկը եւ ոչինչ խնայեց իր սէրը ցուցնելու համար. բայց երախտագիրութեան տեղ մարդոց շատերէն ուրիշ բան չընդունեցաւ, եթէ ոչ ապերախտութիւն, արհամարհանք, անարգանք, սրբապղծութիւններ եւ պաղ վերաբերմունք։ Այն ատեն Յիսուս կը խնդրէ որ Ս. Հաղորդութեան Ութօրէքի յաջորդող՝ ՜՜ Ուրբաթը՝՝ իրեն Ս. Սրտին նուիրուի, եւ իրեն հատուցում կատարուի ՜՜Ս. Ժամու ջերմեռանդութեամբ եւ ամսուան Առաջին Ուրբաթի Հաղորդութեամբ՝՝։ Նոյն առթիւ Յիսուս հետեւեալ խոստումը կ՝ընէ.
Մեղաւորները Իմ Սրտիս մէջ պիտի գտնեն աղբիւրը եւ անհուն Ովկիանոսը ողորմութեան։
Գաղջ հոգիները եռանդուն պիտի դառնան։
Եռանդուն հոգիները քիչ ատենէն մեծ սրբութեան պիտի հասնին։
Իրենց վիճակին հարկաւոր բոլոր շնորհքները պիտի տամ։
Իրենց ընտանիքին մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատեմ։
Իրենց ցաւերուն մէջ զիրենք պիտի մխիթարեմ։
Պիտի ըլլամ իրենց ապաստանը կեանքի ընթացքին եւ մանաւանդ՝ մահուան ատեն։
Առատ օրհնութիւններ պիտի տեղացնեմ իրենց բոլոր գործերուն վրայ։
Պիտի օրհնեմ այն տուները ուր իմ Սրտիս պատկերը մէջտեղ դրուած եւ մեծարուած է։
Պիտի տամ քահանաներուն ամէնէն կարծր սրտերը յուզելու կարողութիւնը։
Սուրբ Սրտիս ջերմեռանդութիւնը տարածող անձերուն անունը պիտի գրուի սրտիս մէջ եւ այնտեղէն բնաւ պիտի չջնջուի։
Ամերիկացի քրիստոնեայ մը 1882 թուականին, այս խոստումները կարդալով մեծապէս ազդուած էր, եւ անոնց ցանկը 200 լեզուներու թարգմանել տալով ու զայն տպելով Սիրտ Յիսուսի սիրուն պատկերի մը վրայ առատօրէն բաշխած ու տարածած է աշխարհի ամէն կողմերը։
Նշենք որ Հայ եկեղեցւոյ հայրապետները եւս մեծ ջերմեռանդութիւն ունեցած են Յիսուսի Ս. Սրտին հանդէպ, ինչպէս՝ Նարեկացին, Լամբրոնացին, եւ Շնորհալին...
Ս. Ներսէս Շնորհալիի՝ ՜՜Առաւօտ Լուսոյ՝՝էն կը քաղենք Ս. Սրտի նուիրուած այս հատուածը, շատ գեղեցիկ խօսքեր արտայայտելու՝ մեր սէրը մեր փրկչին հանդէպ.
Սէր Անուն, Յիսուս, Սիրով քո ճմլեա]Սիրտ իմ քարեղէն։
Վասըն Գթութեան, Վասն ողորմութեան,Վերըստին Կեցո։
Տենչալի տեսլեամբ, Տուր ինձ յագենալ, Տէր Յիսուս Քրիստոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.