2011-06-30 13:56:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Չորեքշաբթի 29 յունիսին, Ս. Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու տօնին մատուցած պատարագին աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը նախքան Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանելը գոհութիւն մատուցանեց Ամենակալ Տիրոջ զինք կանչած ըլլալուն համար մաս կազմելու քահանայական կարգին ։
60 տարի անցաւ ձեռնադրութեանս, ըսաւ Սրբազան հայրը, այս առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք ինծի նեցուկ կեցան ու խորան առաջնորդեցին եւ բոլոր անոնց, որոնք բոլոր այս տարիներուն ինծի մօտիկ եղան, աղօթեցին ու կ'աղօթեն իմ առաքելութեանս համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.