2011-06-30 13:56:10

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 30 յունիս 2011-ի առաւօտեան ժամը 11ին Նորին Սրբութիւնը Գլէմէնթինա սրահին մէջ ՜՜Ռացինկեր՝՝ մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը։
Մրցանակը շնորհուեցաւ երեք աստուածաբաններու` սպանացի քահանայ Փրօֆ. Կոնզալէս Տէ Գարտետա 1934-ի ծնունդ, իտալացի աշխարհական Փրօֆ. Մանլիօ Սիմոնէթթին 1926-ի ծնունդ եւ գերմանացի կրօնաւոր Մաքսիմիլիան Հէյմ։Այս երեք աստուածաբանները ընտրուեցան ՜՜Ժոզէֆ Ռացինկեր՝՝ վատիկանեան հիմնարկի գիտական կոմիտէէն, որուն նախագահն է կարտինալ Ռուինի եւ որ մրցանակի տուչութեան արարողութեան ընթացքին ներկայացուց մրցանակակիրները ու անոնց գործունէութիւնը։Մրցանակը կը կայանայ վկայագիրի մը յանձնումով եւ 50 հազար էուրօ-ի նուէրով։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ իր արտասանած ճառին մէջ ուղղուած ներկաներուն. շնորհաւորեց երեք Աստուածաբանները եւ ապա խօսքը կեդրոնացուց <<Աստուածաբանութեան գիտութեան>> նիւթին վրայ ու խօսեցաւ այս գիտութեան հաւատքի հետ կապին մասին։ Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց որ եթէ Քրիստոսը Բանն է (լոկոս) մարդ էակը պէտք է բացուի անոր ու բանականութեամբ իր քայլերը ուղղէ դէպի Քրիստոս, որ է իսկական ճշմարտութիւնը։ Ապա Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Սուրբ Պոնավվէնդուրայի ՜՜բանականութեան՝՝ մասին գրած ուսումնասիրւթեան ու եզրափակեց խօսքը ըսելով որ մարդը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի եւ աստուածաբանութիւնը մտքերը բանալու է պատասխան տալու այս մարտահրաւէրներուն ու անոնցէ բխած հարցերուն։ Նշենք թէ ասիկա առաջին անգամն է որ տեղի կ՝ունենայ ՜՜Ռացինկեր՝՝ մրցանակի տուչութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը յետ մրացանակի տուչութեան արարողութեան, ժամը 12ին Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Պալիում ստացած արքեպիսկոպոսներուն անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու հաւատացեալ ուխտաւորներուն։ Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի սիրալիր խօսք ուղղեց ներկաներուն, մատնանշելով չորեքշաբթի օրուայ Պալիումի յանձնումի արարողութեան ու Պալիումի նշանակութեան մասին որ է Սուրբ Աթոռի հետ հաղորդութեան նշան։ Ապա գոհաբանութիւն յայտնեց Տիրոջ որ մշակներ կը ղրկէ իր այգիին մէջ աշխատելու, եւ արտայայտեց իր եղբայրական մօտիկութիւնն ու աղօթքները։ Հուսկ՝ նորին սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն խնդրելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը ու հովանին բոլորին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.