2011-06-30 13:56:38

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երէկ Ընդունեց Տարածաշրջանային Այցով Հայաստան Գտնուող ԱՄՆ Պաշտպանութեան փոխ Նախարարի Տեղակալ Սելեսթ Վոլանդերը:


Նախագահ Սարգիսեան տեսկացութեան ընթացքին ընդգծեց Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ յարաբերութիւններու մշտական ամրապնդումը՝ բարձր գնահատելով Հայաստանի տարածաշրջանէն ներս ԱՄՆի հաւասարակշռուած մօտեցումն ու քաղաքականութիւնը:
«Միացեալ Նահագներու ներգրաւուածութիւնը մեր տարածաշրջանէն ներս կը համարենք կայունութիւնը ամրապնդող գործօն: Մենք գոհունակութիւն կը յայտնենք մի շարք ոլորտներու մէջ մեր երկկողմ յարաբերութիւններու առաջընթացի կապակցութեամբ եւ իհարկէ, կը փափաքինք, որպէսզի աւելի մեծ առաջընթաց ունենանք» ըսած է ՀՀ նախագահը:
Նշելով Հայաստան կ՝այցելէ երրորդ անգամ ըլլալով՝ Սելեսթ Վոլլանդեր ընդգծած է, որ գերազանց հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի մէջ, եւ անոնց արդիւնքները ներկայացուցած է երկրի նախագահին: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ Հայաստանի ներդրումին համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.