2011-06-30 13:53:27

Երեւանի Մէջ Սփիւռքի Լրագրողներու Համար Համալսարանական Դասընթացք


Դասընթացքին Կը Մասնակցին Նաեւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքէն Երկու Հոգի, Պէյրութէն ։
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժինը Երեւանի մէջ, կը կազմակերպեն սփիւռքի լրագրողներու համար համալսարանական դասընթացք մը որուն մաս կը մասնակցին
տարբեր երկիրներէ լրագրողներ ինչպէս` Ռուսիայէն, Էսդօնիայէն, Պարսկաստանէն, Եգիպտոսէն, Հօլլանտայէն, Հնդկաստանէն, Վրաստանէն, Սուրիայէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն իսկ (միշտ Լիբանանէն) Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէն կը մասնակցին երկու հոգի՝ (Պէյրութէն) Հ. Սեպուհ վրդ. Կարապետեան Աւետիք պաշտօնաթերթի գործակիցը եւ Պրն. Համբի Էլմաճեան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կայքէջի պատասխանատու քարտուղարը:
Դասընթացքին Բացումը կատարուեցաւ մեծ շուքով Երկուշաբթի 27 Յունիսին (2011) եւ պիտի երկարի մինչեւ Յուլիս 15, որուն ընթացքին սփիւռքահայ լրագրողները պիտի հետեւին համալսարանական լուրջ դասապահերու:
Բացման արարողութեան երկայ էին նաեւ համալսարանին լրագրութեան բաժնին աշակերտները:
Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերքով սկիզբ առաւ բացման հանդիսութիւնը, որուն յաջորդեց Հ.Հ. սփիւռքի նախարարին` Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքը, որ մեծ ջերմութեամբ ողջունեց սփիւռքահայ լրագրողները: Ան յիշեց թէ սփիւռք եւ Հայաստան նախանձախնդիր գտնուեցան իրականացնելու այս հրաշալի ծրագիրը: Տիկ. Յակոբեան նշեց նպատակները որոնց համար կազմակերպուած էր այս դասընթացքը, որոնցմէ են` ծանօթանալ Երեւանի Պետական Համալսարանի լրագրութեան բաժնին, ստանալ լրատուական գիտելիքներ, հանդիպիլ Հայաստանի տարբեր լրատուամիջոցներու խմբագիրներու, եւ որոշ ներդրում մը ունենալ Հայաստանի մէջ հրատարակուող թերթերուն մէջ: Ան աւելցուց ըսելով թէ այսօր լրագրութիւնը միայն տեղեկատուութիւն մը չէ, այլ` մշակոյթ, լեզու, հայապահպանում եւ ինքնութիւն: Այսօրուան լրագրողէն պահանջուած է պայքար մղել ապադարձելու համար թրքական եւ ազրպեճանական
լուրերը: Սփիւռքահայ լրագրողէն խնդրուած է իր ներդրումով հզօրացնել Հայաստանը: Ան իր խօսքին աւարտին յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մասնակցողներուն:
Տիկ. Յակոբեանին յաջորդեց Երեւանի Պետական Համալսարանի ռեկտոր` Պրն. Արամ Սիմոնեանը, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց այս դէպքին մեծ կարեւորութեան, եւ վստահեցուց թէ համալսարանը պատրաստ է մտածելու այս դասընթացքին շարունակականութեան մասին: Ապա խօսք առաւ ԵՊՀ.ի՝ (Երեւանի Պետական Համալսարանի) ուսուցչապերը` Պրն. Նաւաշ Մարտիրոսեան նշեց թէ այս օրը պատմական օր մըն է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով ծնունդ կ՛առնէ այսպիսի դասընթացք մը: Պրն. Մարտիրոսեանին խօսքէն ետք ԵՊՀ.ի երգչախումբը եւ երկու երիտասարդ երգիչներ ներկայացուցին կարգ մը հայաշունչ երգեր, որոնք խանդավարեցին բոլոր ներկաները: Բացման արարողութեան աւարտին վկայականներու բաշխումը կատարուեցաւ համալսարանին լրագրութեան բաժնին աւարտական աշակերտներուն, որոնք ստացան իրենց վկայականները սփիւռքահայ երիտասարդ լրագրողներու ձեռքէն:
Այս պատմական արարողութենէն ետք, ներկաները համախմբուեցան ճաշի սեղանին շուրջ, որուն ընթացքին անոնք աւելի մօտէն ծանօթացան իրարու, եւ որմէ ետք, դասընթացքները պաշտօնապէս ընթացք առին:








All the contents on this site are copyrighted ©.