2011-06-30 14:00:00

Եգիպտոսի Զինւորական Վարչակազմը Կը Մտադրէ Դիւրացնել Պայմանները Եկեղեցիներու Շինութեան։


Եգիպտոսի զինուորական ժամանակաւոր վարչաձեւը նոր կարգադրութիւններ առած է հայող եկեղեցիներու ու արտօնութեան ու շինութեան համար։ Նոր օրէնքով նահանգապետը իշխանութիւն կ՝ունենայ աղօթավայրերու շինութիւնը արտօնելու, մինչ առաջ արտօնութիւնը կախում ունէր ուղղակի նախագահէն եւ նման արտօնութիւն ստանալու համար տասնամեակներու կը կարօտէր։ Ասիութի թեմի առաջնորդը՝ Ուիլիամ Սամաան գոհունակութեամբ ողջունեց նոր օրէնքը, նկատելով զայն անցեալ յունուարի ցոյցերու առաջին արդիւնքներէն մէկը, նաեւ ընդգծելով թէ Եգիպտոսի քրիստոնեաները միշտ պահանջած են եկեղեցաշինութեան իրենց իրաւունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.