2011-06-29 12:59:10

Պլումպըրկի Լուսանկարիչ Տիանա Մարկոսեան Կը Կասեցուի Պաքուի Օդակայանին Մէջ։


Երեքշաբթի, Յունիս 28ի կանուխ ժամերուն, Պաքուի միջազգային օդակայանը ժամանած ամերիկեան «Պլումպըրկ» լրատուական գործակալութեան լուսանկարիչ Տիանա Մարկոսեան արտօնութիւն չէ ստացած քաղաք մուտք գործելու, ուստի եւ Թուրքիա պիտի արտաքսուի:
Ամերիկեան եւ ռուսական քաղաքացիութիւն ունեցող Մարկոսեանի հետ կապ հաստատած Լրագրողներու ազատութեան եւ ապահովութեան հիմնարկէն պաշտօնատար մը հաստատած է, թէ Մարկոսեանի փաստաթուղթերը օրինաւոր էին, սակայն Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլխան Փոլուխով պնդած է, թէ Պաքուի իշխանութիւնները օրին հաղորդած էին «Պլումպըրկ» լրատուական գործակալութեան, թէ Մարկոսեանի արտօնութիւն պիտի չտրուի Ատրպէյճան մուտք գործելու, որովհետեւ «Հայաստան Ատրպէյճանի հողերը բռնագրաւած է», եւ այդ պատճառով, կարելի չէ լուսանկարիչին ապահովութիւնը երաշխաւորել:
Տիանա Մարկոսեանի լուսանկարները լոյս տեսած են «Նիւ Եորք Թայմզ»ի, «Պոսթըն Կլոպ»ի, «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ի ու «Ուաշինկթըն Փոս»չի նման հանրածանօթ թերթերու մէջ:
Յիշեցնենք, թէ Ապրիլ 18ին, Պաքուէն արտաքսուած էին նաեւ շուէտացի լրագրողներ, որոնք Ատրպէյճանի մէջ արտայայտուելու ազատութեան մասին վաւերագրական շարժապատկեր մը պատրաստելու համար ճամբայ ելած էին:








All the contents on this site are copyrighted ©.