2011-06-29 12:50:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հոգեշահ Քարոզը,Սուրբ Պետրոս Տաճարին Մէջ՝Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս Առաքելապետերու Տօնի Առթիւ։


Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզին մէջ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց՝ իր քահանայական ձեռնադրութեան 60 ամեակին, Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս Առաքելապետերու Տօնին ու նաեւ Պալիում-ի տուուչութեան վրայ՝նոր Արքեպիսկոպոսներուն։
Սրբազան Հայրը իր քարոզը սկսաւ մէջբերելով Յիսուսի ուղղած խօսքը իր առաքեալներուն. ''Ձեզ չեմ կոչեր ծառաներ այլ բարեկամներ''։
Ճիշդ 60 տարի առաջ քահանայ ձեռնադրուեցայ` 29 յունիս 1951-ին Գերմանիոյ ֆրեզինկ թեմի աթոռանիստ տաճարին մէջ կարտինալ ֆոլհապերի ձեռքով(ըսաւ Սրբազան Հայրը)։
Իր կենսագրականին մէջ արդարեւ Քահանայապետը կը գրէ հետեւեալը ՝՝երբ ձեռնադրութեանս կարգը եկաւ ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը մինչ իր երկու ձեռքերը գլուխս վրայ կը դնէր, փոքրիկ թռչուն մը (արտոյտ մը ըլլաու էր) աւագ խորանէն բարձրացաւ եւ ուրախութեան գեղգեղանք մը արձակեց։ Ինծի համար այդ եղաւ հաճութեան նշան մը՝Բարձրեալէն ։ Քահանայութիւնը ինծի համար կը մնայ Յիսուսէն կանչ մը, իր հետը բնակելու, պատարագով սեղանակից ըլլալու եւ աւետելու իր պատգամը մարդկային ազգին։
''Ձեզ չեմ կոչեր ծառաներ այլ բարեկամներ'' Յիսուսի այս հաստատումը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ եւ միաժամանակ վախ կը յարուցէ աչքի առջեւ ունենալով իմ անձնական տկարութիւններու փորձառութիւնը եւ Աստուծոյ անվերջ բարութիւնը։

''Ոչ այլեւս ծառաներ, այլ բարեկամներ'' այս խօսքը ինքնին կը ներփակէ քահանայական կեանքի կատարեալ յայտագիրը,ծրագիրը։ Յիսուս կ'ըսէ. ՝՝ես կը ճանչնամ իմիններս եւ իմիններս զիս կը ճանչնան։ Հովիւը` անունով կը կանչէ իրենները եւ կ'ուղարկէ զանոնք բացուելու ուրիշներուն եւ խօսելու Աւետարանի մասին՝՝։
Ապա Նորին Սրբութիւնը շարունակեց ըսելով ՝՝Սուրբ . Պետրոս եւ Պօղոս Առաքելապետերու Տօնին իմ սիրալիր ողջոյնը կ'ուղղեմ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Պատուիրակութեան, որ եկած է մեզ պատուելու Հռոմի Պաշտպան Սուրբերու տօնին առթիւ։ Կ'ողջունեմ կարտինալները, եպիսկոպոսութեան մէջ եղբայրները, դիւանագիտական մարմինը, քաղաքացիական իշխանութիւնները, քահանաները եւ բոլոր հաւատացեալները։ Բոլորին կը յայտնեմ իմ շնորհակալութիւնը այսօր հոս անոնց ներկայութեանը ու աղօթքին համար՝՝։

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեզ ըսելով՝՝60 տարուայ քահանայութեանս առթիւ կ'ուզեմ հաղորդել յոյսի եւ քաջալերանքի խօսք մը, հասունցած տասնամեակներու առթիւ։ Տէրը Բարի է։Իմ երախտագիտութիւնը Տիրոջ ինծի պարգեւած բարեկամութեան ու շռայլած բոլոր բարիքներուն համար։ Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց՝ որոնք զիս կազմեցին հաւատքի մէջ ու դաստիարակեցին։ Աղօթքս է որ Տէրը իր բարութեամբ մեզ ընդունի իր Արքայութեան մէջ եւ ուրախութիւնը ունենանք վայլելու իր Մեծվայելչութիւնը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.