2011-06-29 12:29:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Սուրբ Պետրոս Եւ Սուրբ Պօղոս Առաքելապետերու Տօնը Եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Քահանայութեան 60 ամեակը։
Չորեքշաբթի 29 յունիս 2011, առաւօտեան ժամը 9.30-ին՝ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս սռաքելապետերու տօնին առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը մասնակցութեամբ՝ կարտինալական դասի 100 անդամներուն ու 40 Արքեպիկոպոս- Մետրոպոլիտներուն որոնք արարողութեան ընթացքին Քահանայապետի ձեռքէն ստացան Պալիումը կամ Եմիփերոնը։ Նշենք թէ սրբազան արարողութեան կը մասնակցէին նաեւ՝ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը։
Պատարագի ընթացքին, ողջոյն տուք միմիանցի՝ խաղաղութեան ողջոյնի ժամանակ Մետրոպոլիտ Էմմանուէլ՝ նախագահը Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատուիրակութեան, իր կարգին ողջունեց Նորին Սրբութիւնը նշան երկու եկեղեցիներու մօտիկութեան ու եղբայրական կապին։

Պալիումը եկեղեցական հաղորդութեան եւ միութեան խորհրդանիշ է։Պալիումի տուչութեան աւանդութիւնը հաւանաբար առնուած է կայսերական շրջանի աւանդութենէ մը։ Չորրորդ դարէն արդէն հետքեր կան Պալիումի գործածութեան սովորութեան մասին։ Գրիգոր Է. Քահանայապետի օրով ալ , շուրջ 1000 տարիներէ առաջ, արդէն պալիումը կը տրուէր նորնտիր Մետրոպոլիտներուն, եպիսկոպոսներու ընտրութիւններու վրայ հսկելու նպատակով։ 70-ական թուականներուն երջանկայիշատակ Պօղոս Զ . քահանայապետին օրով է որ Պալիումի յանձնումի սովորութիւնն ու արարողութիւնը ունեցաւ իր վերջնական ձեւը, եւ որոշուեցաւ զայն յանձնել սուրբ Պետրոս ու Պօղոս Առաքելապետերու տօնին օրը , նշելու՝ յատկապէս կապը ու սերտ միութիւնը եպիկոպոսներու ու Սուրբ Աթոռի միջեւ։
Պալիումը կամ եմիփերոնը, երկու մեթր երկայնք ու 25 սմ. լայնք ունեցող ուրար մըն է զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը խաչի հինգ զարդարանք ունի. անոնք կը յիշեցնեն Յիսուսի չարչարանքը։
Պալիումի գործածութիւնը սկսած է Ե. դարուն եւ առաջին շրջաններուն կը խորհրդանշէր կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ կը դնէ։ Պալիումը կը կապուի երեք մետաղէ գնդասեղներով որ կը յիշեցնեն խաչին երեք գամերը։

Ս Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին Ս. Պատարագին, ու Սրբազան հօր քարոզէն ետք տեղի ունեցաւ Պալիումի յանձնումը նորնտիր Մետրոպոլիտներուն։ Անոնք մօտեցան սուրբ Խորանին ու Խաչեցեալին առջեւ ծնրադիր, միասնաբար երդման բանաձեւը արտասանեցին որմէ ետք Սրբազան հայրը օրհնեց պալիումները ու ապա արտասանեց պալիումի յանձնումի բանաձեւը, որուն աւարտին ալ Նորին Սրբութիւնը Մետրոպոլիտ-Արքեպիսկոպոսներուն յանձնեց Պալիումները։
Այս տարուայ Սուրբ Պետրոս ու Պօղոսի տօնը ունի նաեւ յատուկ կարեւորութիւն մը, քանի որ Պենետիկտոս ԺԶ կ՛ամբողջացնէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 60րդ տարեդարձը, եւ այս առթիւ՝ սրբազան արարողութեան երգեցողութիւնը ճոխացած է Սանդա Չեչիլիա Ակադեմեայի երգչախումբի ու նուագախումբի մասնակցութեամբ։ Համայն կղերը եւ հաւատացեալները այս առթիւ հրաւիրուած են աղօթելու սրբազան քահանայապետի դիտաւորութեան։
Նշենք թէ Սուրբ Հռոմի մէջ ալ կը տօնուի Պետրոսի ու Պօղոսի տօնը մեծ շուքով, ըլլալով այս երկու առաքելապետերը՝ ( Պետրոսն ու Պօղոսը) Յաւիտենական քաղաքի պաշպան սուրբերը։ Այս Տօնին ու Սրբազան Քահանայապետի քահանայութեան 60րդ տարեդարձին առթիւ Հռոմի քաղաքապետարանը կազմակերպած է տօնական յատուկ հրախաղութեան ներկայացում։








All the contents on this site are copyrighted ©.