2011-06-29 12:56:05

Նախագահ Սարգսեանի Հեռաձայնային Խօսակցութիւնը Սլովենիոյ Իր Պաշտօնակիցին Հետ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սլովենիոյ նախագահ Տանիլօ Թուրք-ի հետ:
Սլովենիոյ նախագահին խնդրանքով նախագահ Սարգսեան ներկայացուց Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին արդիւնքները: Թուրք կարծիք յայտնեց, որ միայն խաղաղ բանակցութիւններով կարելի է լուծել Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը, ուժի կիրարկումը կամ անոր սպառնալիքը անընդունելի նկատելով:








All the contents on this site are copyrighted ©.