2011-06-29 12:42:08

Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կ'արտայայտուի Ցեղապաշտութեան Դէմ։


Վերջերս Լատին Ամերիկայի Եկեղեցւոյ պատասխանատուները Նիքարակուէի Մանակուա քաղաքը ժողով գումարած են, դիմագրաւելու՝ այդ աշխարհամասի մէջ գոյացող բռնութեան ու ցեղապաշտութեան հարցը, եւ անկէ յառաջ եկող դժուարութիւնները, որուն համար եկեղեցին կանչուած է լուծումներ գտնելու։
Ժողովին կը մասնակցի եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդը։
Խորհդաժողովի նպատակն է , միատեղ խմբել եկեղեցւոյ ոյժերը, համադրել նախաձեռնութիւնները եւ ցանց մը ստեղծել լաւագոյն կերպով պայքարելու ցեղապաշտութեան դէմ։Այս ուղղութեամբ Լատին եկեղեցին մտադիր է նաեւ պարբերաթերթ մը հրապարակել։








All the contents on this site are copyrighted ©.